ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

hayr levonՍտանպուլի Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեանի, 23 Դեկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին քաղաքավարակն այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ քաղաքիս երկու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ եղած համագործակցութիւնը։ Ի միջի այլոց գաղափարի փոխանակումներ եղան եկեղեցական այլ հարցերու շուրջ։ Արամ Արքեպս. այժմէն շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս. Ծննդեան Տաղաւարը եւ մաղթեց որ ըստ արժանելւոյն կատարուին Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի բոլոր տօնակատարութիւնները։ Սրբազան Հայրերը, մօտաւոր տօնական շրջաններու առթիւ իրար մաղթեցին կարողութիւն եւ յաջողութիւն։