Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարան, Թօփգաբու

(Emin Molla Sok. No. 6, 34093 Topkapı)
Հիմնադիր՝ Տքթ. Եդուարդ Հարբութ Տնօրէն՝ Անիթա Թումայեան
Հեռ.՝ (0212) 531-9891, (0212) 532-2237
Ել-նամակ՝ topkapilevon@hotmail.com Կայքէջ՝

1832էն առաջ արդէն դպրատուն մը կը գործէր Թօփգաբուի մէջ։ Որովհետեւ 1820-ին կը հանդիպինք Եզէկիէլ անուն ուսուցիչի մը, իսկ 1825ին՝ Մինաս Պատուելիի։ 1834ին կը ձեռնարկուի նոր վարժարանի հիմնարկութեան։ 1840-ին Լեւոնեան Ընկերութիւնը սատար կը հանդիսանայ վարժարանի կրթական մակարդակի բարձրացման եւ յետ այսորիկ վարժարանը կը կոչուի Լեւոնեան։

1864ին Վարդուհի անուամբ տնօրէնուհիի մը հսկողութեամբ, աղջկանց վարժարան մըն ալ կը բացուի, նախ «Տիրուհեան Վարժարան» անունով, սակայն վարժարանի սիրուած առաջին վարժուհիին յիշատակին նուիրուելով կը կոչուի «Վարդուհեան»։ 1894ին այս երկու վարժարանները շէնքի մը մէջ միանալով կը կոչուի «Լեւոն-Վարդուհեան վարժարան»։ 1898ին մանկապարտէզ մըն ալ կ՚աւելցուի։ Վարժարանը այժմ կը գործէ մանկապարտէզի, նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժիններով։