ԼԻՈՆԻ ԾԽԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՈՒԱՍԻՐԵՑԻՆ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

286Մեսրոպ Պատրիարք, Գարեգին Կաթողիկոս, Արման Պահատուրեան

12 Սեպտեմբեր 2005, Երկուշաբթի, ժամը 09.30-ին, Լիոնի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝Արման Պահատուրեանի, քաղաքի համբաւաւոր ճաշարաններէն Փոլ Պոքիւսի մէջ պաշտօնական ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Ծխական Խորհուրդի հրաւէրն ընդունելով ընթրիքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։

Սեղանակից էին Փարիզի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գիւտ Արքեպս. Նագգաշեան, Լիոնի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նորվան Եպս. Զաքարեան, Երուսաղէմի նախկին լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Դաւիթ Արքեպս. Սահակեան, ՀՀ Փարիզի Դեսպանատան Ա. Խորհրդական՝ Վահագն Աթաբեկեան, Հոգշ. Հ. Կարապետ Վրդ. Յարութիւնեան, Հոգշ. Հ. Վազգէն Աբղ. Նանեան, Լիոնի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Իսահակ Աւ. Քհնյ. Հէքիմեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Լիոնի Ծխական Խորհուրդի անդամները, երգչախումբի անդամներ եւ բարերարներ։

Բարի գալստեան բաժակաճառ արտասանեց Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Արման Պահատուրեան. ելոյթներ ունեցան Գերշ. Տ. Դաւիթ Արքեպս. Յակոբեան, Գերշ. Տ. Գիւտ Արքեպս. Նագգաշեան, Գերշ. Տ. Նորվան Եպս. Զաքարեան, Հոգշ. Հ. Կարապետ Վրդ. Յարութիւնեան եւ վերջապէս՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։

Հուսկ Բանքը խօսեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ հարազատներու հետ ըլլալու երջանկութեան համար, գնահատեց ներկաներու սէրը հանդէպՄայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնին եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։