ԼԻՈՆՍ ՔՈՒԼԻՒՊԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Միջկրօնական

Նախկին Պէշիկթաշի Լիոնս Քուլիւպի վարչայիններէն Ալի Պէրքէր Պիլիր, Օյա Կէնչ եւ Մելքոն Նէվշէհիրլի, 3 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

2019 LIONS BESIKTAS

Այցելուները Միջկրօնական Գործունէութեանց ծիրէն ներս ունեցան գաղափարի փոխանակումներ եւ պարզեցին թէ իրենց անցեալի գործունէութիւնները եւ թէ ապագայի ծրագիրները։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։