«ԼՈՅՍ» Մետիա

Bozkurt Mah. Kurtuluş Cad. No:125 Öğer Apt. Giriş Kat Kurtuluş Şişli/İSTANBUL
Հեռ.՝ 0 212 251 27 80
Ել-նամակ՝ luys@luys.com.tr
Կայքէջ՝ http://www.luys.tv

Լոյս Երկշաբաթաթերթ

«Լոյս» երկշաբաթաթերթը հիմնուած է 2013 թուականին,Պոլսահայ Արամ Քուրանի կողմէ:

Թուրքիայէն բացի, թերթը Կը սպառուի նաեւ՝ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու, Գերմանիոյ եւ Արժանթինի

մէջ: Տասհինգ օր անգամ մը, պարբերաբար լոյս տեսնող պարբերաթերթը, 9 տարուան

 

ընթացքին տասը հազար շրջաբերութիւն ձեռք բերած է: «Լոյս»-ը Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Հրեայ

համայնքներու ընկերային կեանքի գեղեցիկ ու գունաւոր երեսակները, նաեւ ներհամայնքային

նորութիւններն ու օրակարգի վրայ հանդիսացող հարցերը կը ներկայացնէ հանրութեան

բովանդակալից ու լուսանկարներով զարդարուած էջերով։ Ինչպէս նաեւ, քաղաքական,

միջազգային ու մարզական իրադարձութիւններն ալ գրի կ’առնէ: «Լոյս» պարբերաթերթը իր

հրատարակութեան առաջին օրէն ցայսօր կը շարունակէ իր ընթերցողներուն փոխանցել

անկողմնակալ տեղեկատուութիւն:

 

«Լոյս» Հեռուստաընկերութիւն

2019-ին հիմնուեցաւ Թուրքիոյ առաջին արեւմտահայերէնով պատկերասփռում կատարող

համացանցային հեռուստակայանը, որ 7/24 թէ' արեւմտահայերէնով, թէ' ալ թրքերէնով

հաղորդումներ կը պատկերասփռէ: Իսկ 15 Հոկտեմբեր,2021-էն սկսեալ

իր տեղը գրաւեց նաեւ արբանեակին վրայ ՝ «Թուրքսաթ» եւ «Տէ Սմարթ» հարթակին 160-րդ

ալիքին վրայ: Այսպէսով, «Լոյս» թիվին հասանելի պիտի դառնայ համայն աշխարհին:

«Լոյս» թիվին ունի մշակութային, կրթական, մանկական, լրատուական հաղորդումներ. նաեւ,

ուղիղ պատկերասփռումով աշխարհասփիւռ հայութեան կը ներկայացնէ Պոլսահայ համայնքին

ընկերամշակութային նորութիւնները: Այսպէսով, «Լոյս»-ը համայն աշխարհի հայութեան եւ

Թուրքիոյ հայ համայնքին միջեւ կամուրջ մը կը հանդիսանայ: «Լոյս» հեռուստակայանին

նպատակն է արեւմտահայերէնը տարածել ու կորուստէ պաշտպանել:

 

«Լոյս- Kids» Ամսաթերթ

«Լոյս» շաբաթաթերթը Յունուար 1, 2021-էն սկսեալ, ամսական դրութեամբ լոյս կ'ընծայէ

մանկապատանեկան «Լոյս- kids» յաւելուածին, այն նպատակով, որ արեւմտահայերէնը

տարածուի ու յաջորդող սերունդներուն հասանելի դառնայ:

«Լոյս- kids»-ը ամէն ամիս լոյս կը տեսնէ իր գոյնզգոյն, մանկավարժական,

դաստիարակչական եւ նորանոր բովադակութեամբ. երկլեզու՝ Հայերէն եւ Անգլերէն:

Անգլերէնը կը սեպուի համաշխարհային լեզուներէն մէկը եւ այն երկիրներուն մէջ,ուր

անգլերէնը պաշտօնական լեզու չէ, անհատներ կը փափաքին աւելի հմտանալ անգլերէն լեզուին

մէջ: Ուստի, «Լոյս- kids»-ն ալ , ոզեց այդ առիթը նուիրել մանուկներուն եւ պատանիներուն՝

թէ' բարելաւելու իրենց անգլերէնը, թէ' ալ մօտէն ծանօթանալու, աւելիով սիրելու եւ

սեփականացնելու իրենց մայրենին ՝ արեւմտահայերէնը: