ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԷ ԱՆՏԻՊ ՄԸ ԵՒՍ. «ՍՐԲՈՒՀԻ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍԻՆ ԹՌՉՆԻԿՆԵՐԸ»

Kategori: Կարճ լուրեր

12274519_511815038978384_5538325027015437657_nՊատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասնըերկրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ մեծանուն Տրապիզոնցիի «Սրբուհի Սանդուխտ Կոյսին թռչնիկները» ընդարձակ պատմուածքը։

Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք իր այս պատմուածքը գրի առած ու մեքենագրած է Պրազիլիոյ մէջ, իր առաջնորդութեան օրերուն։ Մեքենագրուած բնագիրը մաս կը կազմէր Պատրիարքական Աթոռոյս հաւաքածոյին։ Այսօր ահա այդ թղթածրարն է որ հրատարակելով կը յանձնենք մեր ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան։

Սրբազան Հեղինակը սոյն պատմուածքը կ՚աւարտէ 19 Յունիս 1952 թուականով։

Նորատիպ հատորը կը բաղկանայ 144 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ, բացի պատմուածքի բնագիրէն, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի գրի առած նախաբանը, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի կողմէ գրի առնուած Ս. Սանդուխտ կոյսի հակիրճ վարքը, Սրբազան հեղինակին Հարաւային Ամերիկայի առաջնորդութեան օրերու մէկ նկարը, կենսագրութիւնը, զանազան շրջաններու ստորագրութիւններն ու կնիքները, շիրիմին լուսանկարն ու արձանագրութիւնը, եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սաներէն եւ նոյն Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր քրոջ՝ Աղաւնի Ալճանի։

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/books/%d5%bd%d6%80%d5%a2%d5%b8%d6%82%d5%b0%d5%ab-%d5%bd%d5%a1%d5%b6%d5%a4%d5%b8%d6%82%d5%ad%d5%bf-%d5%af%d5%b8%d5%b5%d5%bd%d5%ab%d5%b6-%d5%a9%d5%bc%d5%b9%d5%b6%d5%ab%d5%af%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%a8/