ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ԿԱՆՈՆԻ ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳԸ

Kategori: Կարճ լուրեր

11055300_448674738625748_3066357617414313563_nՊատրիարքական Աթոռոյս Հրատարակչութեան Յանձնախումբը լոյս ընծայեց «Կանոն Հոգւոյն Սրբոյ Գալստեան» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։

Հոգեգալուստի տօնին, Ս. Պատարագի, օրուան մասնաւոր աղօթքներու եւ շարականներու երգեցողութեան կանոնաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ պատրաստուեցաւ նոր գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ 40 մեծադիր էջերէ եւ կը սկսի Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդող խօսքով՝ «Այս հրատարակութեան առթիւ»։

Հայր Սուրբը այդտեղ կը բացատրէ թէ սոյն գիրքը կու գայ օղակ մը եւս աւելցնել Պատրիարքական Աթոռոյ ծիսական-արարողական հրատարակութեանց օգտաշատ ու գործնական աշխատութեանց փաղանգին, ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի գործածութիւն դպրաց ու հաւատացելոց։

«Սոյն գրքոյկի պատրաստութեան ընթացքին, մեր մտահոգութիւններէն մէկն էր նաեւ երգեցողութեան ու արարողակարգի միօրինակութիւնը ապահովել, տրամադրել նաեւ հաւատացեալներուն, որպէսզի Հոգեգալստեան տօնին խորհուրդը փորձեն լաւագոյնս ըմբռնել՝ աղօթքներու եւ երգեցողութեան ընդմէջէն։ Յայտնի ճշմարտութիւն է, թէ Հոգեգալստեան Տօնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարանման արժէք վայելող տօնակատարութեան օր է»։

Հատորին մէջ բնագրի հանդիպակաց սիւնակներուն վրայ տեղադրուած է աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ շարականներու ձայնագրութիւնները։ Բնագիրէն ետք տեղադրուած են նաեւ շարականներու բազմաձայն տարբերակները։ Շարականներու թէ միաձայն եւ թէ բազմաձայն տարբերակները պատրաստուած են Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի կողմէ։

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու մեկենասութեամբ, ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց։

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/books/%d5%ac%d5%b8%d5%b5%d5%bd-%d5%bf%d5%a5%d5%bd%d5%a1%d6%82-%d5%b0%d5%b8%d5%a3%d5%a5%d5%a3%d5%a1%d5%ac%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%bf%d5%ab-%d5%af%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d5%b6%d5%ab-%d5%a1%d6%80%d5%a1%d6%80%d5%b8/