ԼՈՒՂՈՐԴՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Լուղորդ երիտասարդներ 30 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին Արամ Գուրանի առաջնորդութեամբ այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը յայտնեցին, որ եկած էին տեղեակ պահելու Նորին Սրբազնութիւնը մեր համայնքային վերջին մարզական յաջողութեանց մասին։

Ստանպուլի Երիտասարդական ու Մարզական Ակումբի անունով վերջերս Յունաստանի Փթօլէմայտա քաղաքին մէջ կայացած Միջազգային Փարալիմփիք (հաշմանդամ) Լուղորդներու մրցաշարքին մասնակցած էին 11 մարզիկներ, որոնցմէ երկուքը Հայ աղջիկներ էին։ Մարզիկները ստացած էին 36 ոսկի, 14 արծաթ եւ 5 պրօնզ մետայլներ, որոնցմէ Գարին Փաքէրին կը պատկանէր 5 ոսկի եւ Գարին Գատէր Էօճալին՝ 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրօնզ մետայլները։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան մարզիչներ Տուրան Արսլան եւ Պէռնա Պալ, որոնք Նորին Սրբազնութեան յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը նման լուղորդներու յաջողութիւններուն մասին։ Յատկապէս շեշտեցին Գարին Փաքէրի եւ Գարին Գատէր Էօճալի աննկուն կամքը եւ խնդրեցին, որ մերազն համայնքի անդամներ եւս մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տան այս երիտասարդ լուղորդներուն նկատմամբ ու քաջալերեն զիրենք։

PARALIMPIK

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, բարձր գնահատեց ու օրհնեց զիրենք եւ իրենց ծնողները։ Աթոռոյս հրատարակութիւններէն նմոյշներ նուիրեց անոնց ու յայտնեց, թէ Պատրիարքարական Աթոռը միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու եւ կը խրախուսէ մեր համայնքը, որպէսզի նման երիտասարդներու համար ստեղծուի յաջողութեան մթնոլորտ։ Հիւրեր եւս շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցան։