ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԱՍԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 Օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Կիրակիին, Գնալը Կղզիի վրայ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպութիւնը։ Այս տեղեկատուութեան առընթեր ան փափաքած էր գիտնալ թէ՝ սոյն կազմակերպութիւնը յաչս Պատրիարքական Աթոռոյ անպատեհ կը նկատուէ՞ր, թէ՝ ոչ։ Ի պատասխան յայտնուած էր, թէ Պատրիարքական Աթոռը ընդունելի կը նկատէր մշակութային ձեռնարկները ու միշտ ալ կը գնահատէր զանոնք, սակայն միաժամանակ ընդգծուած էր ներկայ համավարակի պատճառած առողջապահական խանգարումները եւ կարեւորուած՝ առողջապահական միջոցառումներու դիմելու անհրաժեշտութիւնը։ Նաեւ որպէս յիշեցում, յայտնուած էր թէ՝ որպէս համայնք արդէն երկար ժամանակէ ի վեր զրկուած էինք եկեղեցական ու համայնքային հանդիսութիւններէն։ Հետեւաբար, պէտք էր զգոյշ գտնուիլ որեւէ ձեռնարկի պարագային, որ կրնար դուռ բանալ անախորժ հետեւանքներու։

Ծանօթ է, թէ Կղզեաց համայնքային պատմութեան մէջ Գնալը Կղզիի վրայ մշակութային որեւէ հանդիսութիւն կազմակերպուած է Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի, Ներսէսեան Դպրաց Դասու եւ Կազդուրման Կայանի Վարչութեան միասնական աշխատանքներով։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր տեսչութեան շրջանէն սկսեալ մինչեւ այսօր, նման մշակութային եւ ընկերային հանդիսութեանց կազմակերպման աշխատանքները գլխաւորած են Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւները՝ ստանալով Պատրիարքական Աթոռի օրհնութիւնը։ Նկատելով որ, Քորոնա համավարակը տակաւին կը շարունակէ սպառնալ ժողովուրդի առողջութեան, կղզեաց հոգեւոր հովիւը եւ թաղային խորհուրդը, այս ամառ եկեղեցւոյ մշակութային եւ ընկերային զանազան աշխատութիւնները առժամապէս դադրեցուցած են։ Միւս կողմէ Կազդուրման Կայանը եւս փակ կը պահէ իր դռները։

Ծանօթ է թէ՝ յատկապէս Վարդավառի եւ Ս. Աստուածածնի տաղաւարները Գնալը Կղզիի վրայ ո՛չ միայն հոգեւոր հանդիսութիւններով, այլ՝ մշակութային աւանդական ձեռնարկներով կը տօնուին, ժողովուրդի հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ։ Այս ամառ, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբը, նկատի ունենալով Պատրիարքական Աթոռոյս տնօրինութիւնները եւ խորհրդակցելով թաղային խորհուրդի եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու հետ, Վարդավառի Տաղաւարին ջնջած էր Անդաստանի կարգը, աղաւնիի արձակումը, ջրախաղը եւ ժողովրդական շուրջպարերը։ Նոյն ձեւով, Ս. Աստուածածնի տաղաւարին եւս Ս. Պատարագը եւ խաղողօրհնէքը տեղի պիտի ունենան եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պարտէզի մէջի բազմութիւնը կանխելու նպատակաւ ձեռք պիտի առնէ միջոցառումներ, միշտ նկատի ունենալով ժողովուրդի առողջապահութիւնը։ Նաեւ տեղեկացած ենք, թէ նոյն մտահոգութեամբ Վագըֆգիւղի աւանդական խրախճանքները ջնջուած են, տեղւոյն հոգեւոր հովիւին եւ ծխական խորհուրդի միատեղ որոշմամբ եւ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի կրօնական հանդիսութիւններով միայն։

Ծանօթ է թէ՝ Պատրիարաքական Աթոռոյ տնօրինութեամբ, հաւատացեալներու հեռաւոր եկեղեցիներ երթեւեկի համար ջնջուած են փոխադրամիջոցներու սպասարկութիւնը։ Մինչ այդ, տեսնուած է թէ՝ յիշեալ փառատօնի կազմակերպութեան մաս կը կազմեն նաեւ այլ թաղերէ փոխադրամիջոցի եւ դէպի Գնալը Կղզի նաւու սպասարկութիւնները։ Նկատի ունենալով բազմութեան պատճառաւ համավարակի տարածման հաւանականութիւնը. անպատշաճ կը նկատուի սոյն կարգադրութիւնը։

Միւս կողմէ նկատելի է թէ, շաբաթավերջին կղզիի վրայ առողջապահական միջոցառումներու հակակշռումը ընդհանրապէս կը դժուարանայ, քաղաքէն դէպի կղզիներ արտակարգ բազմութեան մը հոսքին պատճառաւ։ Նաեւ նկատի կ’ունենանք, որ արտաքոյ եկեղեցւոյ կատարելի այս փառատօնի աննախընթաց ըլլալու հանգամանքը, կրնայ պատճառ դառնալ զանազաններու ամբոխավարական ելոյթներուն։

Յայտնի է, թէ մեր շուրջ տեղի կ’ունենան օրինական խախտումներ ու հակաառողջապահական ընթացք։ Սակայն եւ այնպէս, ցոյց տալով նման պարագաներ, կարելի պիտի չըլլայ արդարացնել սխալ ու անպատշաճ ընթացք մը, յատկապէս սար համայնքի անդամներուն կողմէ։

Ուստի, վերոյիշեալ կէտերը կարեւորութեամբ կը յանձնենք կազմակերպիչ անձնաւորութեանց ուշադրութեան եւ կը յայտնենք, թէ վերոյիշեալ իրադարձութեանց ներքեւ, նկատի ունենալով շրջապատային առողջութիւնը ու անդորրութիւնը յարմար չենք նկատեր խնդրոյ առարկայ փառատօնի կատարումը եւ կը թելադրենք կազմակերպել զայն այլ առթիւ։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ