ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով 31 Յունուար 2020-ին Պատրիարքարանի մէջ կայացած էր խորհրդակցական հանդիպում մը, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Այս հանդիպումին ընթացքին յայտնուած էր թէ Պատրիարքական Աթոռը կը հետաքրքրուէր մեր կրօնական, կրթական, մշակութային ու բարեսիրական հասատութեանց վիճակով, նկատի ունենալով երկրաշարժի պարագան։ Այս հանդիպումին մասնակից Հայ-Ճարի ներկայացուցիչները նախապէս իրենց կատարած քննարկումներու մասին տեղեկութիւններ տուած էին։

Նկատի ունենալով, թէ վարժարաններու երկրաշարժի տոկունութեան վիճակի կապակցութեամբ կրնար հարկաւոր ըլլալ աւելի մանրամասնեալ քննարկումներու կատարումը, Նորին Ամենապատուութեան առաջարկով պաշտօն յանձնուեցաւ Հայ Ճարի անդամներուն, որպէսզի վարժարաններ այցելելով ուղղութիւն տային պատասխանատուներուն։

Մինչ այդ Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ շրջաբերուած պաշտօնագրով շէնքերու երկրաշարժի տոկունութեան մասին տեղեկագիրներու պատրաստութիւնը եւ մինչեւ 24 Օգոստոս 2020 թուականը առաքումը կը պահանջուէր։ Նաեւ կ՚ընդգծուէր թէ սոյն տեղեկագիրները պէտք էր պատրաստուած ըլլային պետականաօրէն ճանաչում գտած լիազօր մասնագէտներու կողմէ։

Պատրիարքական Աթոռը տեղեկացած ըլլալով սոյն պաշտօնագրի պարունակութեան վարժարան ունեցող համայնքային ու թաղային մարմիններուն տեղեկացուցած էր, թէ Հայ Ճար-ի անդամները պիտի այցելէին վարժարաններ ու քննարկումներ պիտի կատարէին։ Նաեւ ընդգծուած էր թէ անոնց պատրաստած տեղեկագիրները հիմնական եւ պաշտօնական բնոյթ պիտի չունենային, այլ պիտի ծառայէին ուղութիւն տալ, որպէսզի լիազօրուած մասնագէտներու մօտ դիմում ներկայացնելով մանրամասնեալ տեղեկագիրներ ձեռք բերելու աշխատանք տանէին։

Հայ Ճար-ի անդամները աշխատանքային խումբեր կազմելով մի առ մի այցելած էին վարժարանները եւ ճարտարապետական բացատրութեամբ «արագ քննարկումով վտանգի արժեւորում» (հըզլը ինճէլէմէ վէ րիսք փուանլամասը) կատարած եւ իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները հաղորդած էին Պատրիարքական Աթոռին, շեշտելով թէ իրենց քննարկման արդիւնքներով կարելի չէր ըսել թէ շէնք մը կը փլի եւ կամ չփլիր։ Այլ կարիքը կար մանրամասնեալ քննարկումներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տացուած աշխատանքին համար եւ իրենց պաշտօն յանձնեց որ վարժարաններ այցելելով իւրաքանչիւրին պատասխանատուներուն յանձնեն իրենց ձեռք բերած արդիւնքները եւ յանձնարարել որ պաշտօնական մարմիններու պահանջած ուղղութեամբ տեղեկագիրներու համար դիմեն լիազօրուած մասնագէտներու։ Այս ուղութեամբ Պատրիարքական Աթոռը վարժարաններու վարժարան ունեցող համայնքային ու թաղային մարմիններուն տեղեկացուցած էր Նորին Ամենապատուութեան սոյն տնօրինութիւնը։ Նաեւ պահանջուեցաւ որ վերջնական պաշտօնական տեղեկագիրներէն տեղեակ պահէին Պատրիարքարանի Դիւանը։

Նկատելով որ մեր վարժարաններու շէնքերը պատմական շէնքեր են, անոնց վրայ լիազօր մասնագէտներու քննարկման ձեռնարկելը կը կարօտի Յուշարձաններու Բարձրագոյն Յանձնախումբի մասնաւոր արտօնութեան, բան մը որ ժամանակի կը կարօտի։ Ուստի առանց մասնագէտներու վերջնական պաշտօնական տեղեկագրին կարելի չէ վարժարանի շէնքի մը տոկունութեան մասին արտայայտուիլ։

Այսու կու գանք յայտնել թէ Պատրիարքարանի մէջ պահուած տեղեկագիր մը գոյութիւն չունի։ Կը յայտնենք թէ Հայ Ճարի պատրաստած տեղակեգիրները պաշտօնական բնոյթ չունին։ Պատրիարքական Աթոռը Հայ Ճարի անդամներուն յանձնարարած է որ իրենց արագօրէն կատարած ուսումնասիրութեամբ նշմարուած վտանգի ազդակներու մասին վարժարանի պատասխանատուներուն տեղեկութիւն տան, որպէսզի պետական պատկան իշխանութեեանց կողմէ լիազօրուած մասնագէտներու տեղեկագիրները պատրաստելու հետամտին։

Արդէն իսկ Հայ Ճարի անդամները պէտք եղած տեղեկութիւնները փոխանցած են վարժարաններու պատասխանատուներուն։

Երբ լրացուցիչ ու կատարեալ քննարկումները կատարուին, անոնց լոյսին տակ համայնքային մակարդակով այս հարցը ձեռք կրնանք առնել։