ԼՈՒՍԱԲԱՑ ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Թորոնթոյի «ԼՈՒՍԱԲԱՑ» Ամսաթերթի մէջ հրապարակուած լուրի մը իբրեւ լուսաբանութիւն ուղարկած է հետեւեալ նամակը՝

 

Հրատարակման խնդրանքով

17 Հոկտեմբեր 2018

11603

ՊԱՏՈՒԱՐԺԱՆ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ «ԼՈՒՍԱԲԱՑ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ

ԹՈՐՈՆԹՕ – ԳԱՆԱՏԱ

 

Սիրելի բարեկամներ,

Վերջին օրերուն հետեւեցանք Ձեր՝ պոլսահայ համայնքի վերաբերեալ արձագանգ գտած զանազան հաղորդումներուն կամ պնդումներուն։ Դուք տեղ տուած էք շարք մը լուրերու, ըստ որոնց մեր համայնքը համացանցի վրայ ստորագրութիւններ հաւաքելու արշաւներ յառաջ կը տանի, որպէսզի Մենք հեռանանք Մեր վարած պաշտօնէն եւ զրկուինք Մեր եկեղեցական կոչումներէն։ Այս ցաւալի երեւոյթին կ՚անդրադառնանք ոչ թէ բողոքի կամ հերքումի նպատակով, այլ կ՚ուզենք իրողութիւնները պարզել՝ որպէսզի Ձեր լսարանի պատկերացումները կատարեալ ըլլան թրքահայ կեանքի իրադարձութիւններուն շուրջ։

Վերջին շրջանին համացանցի վրայ Մեզի դէմ կազմակերպուած երկու ստորագրահաւաքներն ալ զուտ անձնական հաշիւներով բացուած են։ Ասոնցմէ մին փակուեցաւ նախաձեռնողին կողմէ ինքնակամ, նկատելով որ իր ակնկալածը չկարողացաւ գտնել համայնքի կողմէ։

Իսկ միւսը կազմակերպուած է Կարօ Գաբրիէլեան կոչուած աձնաւորութեան կողմէ։ Այս վերջինը Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական Ժողովի կողմէ շապկազուրկ եղած դպիր մըն է եւ դժբախտաբար իր անձնական հաշիւներուն բերումով կ՚ուզէ վրէժ լուծել եւ այդ ոխերիմութեան հրապարակային դրսեւորումները դժբախտաբար տեղի կու տան թիւր տպաւորութիւններու։ Ան ալ չկարողացաւ Մեր դէմ իր ակնկալածին չափ ստորագրութիւն հաւաքել, հազիւ 300 հոգի։

Մեզի վերագրուած բոլոր ամբաստանութիւններն ալ անհիմն են։ Մէկը երբ կը մեղադրէք, ձեր ձեռքը փաստ պիտի ունենաք։ Հետեւաբար մի քանի հոգիի գրութիւնները կամ բողոքները կարելի չէ համայնքին վերագրել։ Հանրային կեանքի մէջ յաճախ կը ծագին այսպիսի երեւոյթներ, սակայն Մենք հարկ համարած ենք լուսաբանել Ձեր պատուարժան խմբագրութիւնը։

Հուսկ ծանօթ է, որ պոլսահայութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ եւ Մեր  ակնկալութիւնը այն է, որ սփիւռքեան մեր լրատուամիջոցները իրադարձութիւններու պարագային ըլլան անաչառ եւ համակողմանի ՝որպէսզի անոնց արձագանգները ա՛լ աւելի չբարդացնեն Մեր դիմագրաւած անցման շրջանի դժուարութիւնները։ Մտադիր չենք աւելորդ վէճերու մէջ ներգրաւուիլ, ուստի կը բաւարարուինք այսքանը յանձնել Ձեր դատողութեան։

Պատմական Պոլիսէն Ձեզի կը յղենք մեր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ