ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Սարաֆեանի, 1 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 4 Մայիս 2014, Կիրակի պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները եւ անդամները։ Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Յայտնեցին նաեւ թէ այս տարի պիտի նշուէր Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կազմութեան 85 ամեակը։ Տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։