Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Պէյօղլու, Ս. Յարութիւն Եկեղեցի

Նախագահ՝
Դպրապետ՝ Սարվէն Քալճեան
Կայքէջ՝ http://www.lusavoric.org/

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ Երգչախումբը կազմուած է 1929ին։ Խումբը նախապէս եղած է Բանկալթըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբը ու իր անունը առած է սոյն եկեղեցիէն։ Առաջին վարիչը եղած է Գրիգոր Կիւմիւշեան։ Բանկալթըի եկեղեցւոյ ապասեփականացումէն ետք, 1941ին խումբը փոխադրուած է Պէյօղլուի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի։

1981ին երգչախումբի հինմադիր-վարիչ Գրիգոր Կիւմիւշեանի աշակերտներէն Արտաւազդ Մամիկոնեան, կատարեց երգչախումբի վարիչի պաշտօնը։ 1990- Արտաւազդ Մամիկոնեանի որդին՝ Յակոբ Մամիկոնեան ստանձնեց վարիչի պաշտօնը։ Այս շրջանին երգչախումբի անդամակցելու սկսան երիտասարդ աշակերտներ, որոնք զօրացուցին Դպրաց Դասու կազմը, ու եղան այսօրուան կազմին կորիզը։ Այս շրջանին, դպրաց դաս երգչախումբը եկեղեցական երգեցողութեանց առընթեր սկսաւ հանրութեան ներկայանալ հոգեւոր ու աշխարհիկ երգերով։ Երգչախումբը Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ մասնակցած է շատ մը հանդիսութեանց, համերգներու, փառատօններու։ Արժանացած է մրցանակներու։

Հայստանի մէջ 2008ին «Մէկ Ազգ Մէկ Մշակոյթ» փառատօնին մասնակցելու համար երրորդ անգամ կը մեկնի Հայաստան, ու այս առթիւ կը կատարէ նաեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Սահակ Եպս. Մաշալեանի անդրանիկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ 200-ամեակին առթիւ կը կազակերպուի հոգեւոր եւ աշխահիկ երգերէ բաղկացեալ համերգ մը, որ արձանագրուած է նաեւ սկաւառակներու վրայ։

Խումբը այժմ երկսեռ է ու կ՚երգէ Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութեամբ։