ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Խմբավար՝ Յակոբ Մամիկոնեանի 9 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց մօտալուտ համերգի, աշխատանքներուն ու այլ ծրագիրներուն մասին։

2019 LUSAVORIC

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։