ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջկրօնական

museviԹուրքիոյ Հրեայ համայնքի հոգեւոր պետ Ռավ Իզհաք Հալէվա, իր հետ ունենալով Խախամապետարանի Դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշը, 9 Ապրիլ 2013, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Ս. Յարութեան Տաղաւարը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղաւ նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Խախամապետ Հալէվա, յանձին Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր մէջ շնորհաւորեց Հայ համայնքի Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Անդրադարձաւ տօնական օրերու կարեւորութեան, քանի որ միջկրօնական յարաբերութիւնները կը զարգանային այս շրջաններուն եւ հոգեւոր պետեր առիթը կ՚ունենային փոխադարձ այցելութիւններով զիրար շնորհաւորելու եւ վայելելու եղբայրութեան մթնոլորտը։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ եղած զրոյցի ընթացքին, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր հոգեւոր պետին եւ յայտնեց թէ փոխադարձ այցելութեամբ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հրեայ հոգեւոր պետը։