ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ 15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Միջկրօնական

KINALI 15 TEMMUZ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի նախագահութեամբ, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 15 Յուլիս 2017, Շաբաթ, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, 15 Յուլիսի նահատակներուն, երկրի խաղաղութեան եւ միութեան համար մասնաւոր աղօթք կատարուեցաւ։ Արարողութեան ներկայ էր Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասու անդամներ, Լեւոն Շատեանի գլխաւորութեամբ՝ թաղային խորհուրդի անդամներ, Կազդուրման Կայանի ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Արարողութեան աւարտին քարոզեց Սահակ Եպիսկոպոս եւ ըսաւ. «Աստուած երբ ստեղծեց Ադամը, տեսաւ թէ Ադամի առանձնութիւնը լաւ չէր»։ Այս նպատակաւ իրեն օգնականը՝ Եւան ստեղծեց։ Այդ պահուն նշեց թէ բնութեան մէջ ամէն ինչի վերակացուն է մարդը։ Բայց մարդը անհնազանդ գտնուեցաւ առաջի Աստուծոյ, մեղքը ճաշակեցին եւ մահուան հետ ծանօթացան։ Ապագային, իրենց զաւակներու միջեւ եւս խտրութիւն մտաւ։ Այսպիսով առաջին սպաննութիւնը մուտք գործեց աշխարհ։ Երբ մարդկութիւնը հետզհետէ բազմացաւ, իր հարցերն ալ բազմացաւ, ալ աւելին մարդոց միջեւ թշնամութիւնը եւս տարածուեցաւ։ Սիրոյ դէմ ատելութիւնն ալ յառաջացաւ պատմութեան էջերուն մէջ։ Այսպիսով ականատեսը դարձանք թէ՝ Աստուծմէ ստեղծուած աշխարհի մէջ, չարը ներկայ էր։ Ս. Գիրքի մէջ անընդհատ կը տեսնենք սիրոյ գաղափարը եւ մասնաւորապէս մարդոց միջեւ տարածման համար սպասարկելու անհրաժեշտութիւնը։ Եկէ՛ք բնութագրենք աշխարհը. Ան կամ պիտի ըլլայ մարդոց միջեւ սիրոյ մթնոլորտի հաստատուած վայրը եւ կամ պիտի դառնայ ատելութեան սերմերով դժոխքի վերածուած վայր մը։ Այսօր մեր երկրի համար կարեւոր ու յատուկ օր մըն է։ Տարի մը առաջ այսօր, 15 Յուլիսին, անսովոր դէպքերու ականատես եղանք։ Հեռատեսիլներու մէջ յեղափոխութեան լուրեր տարածուեցան։ Վախցանք, որովհետեւ լաւ գիտէինք թէ մեր երկրի շուրջ որքան վատ օրինակներ գոյութիւն ունէին։ Ապագայի մասին սկսած էինք մտածել յուսախաբութեամբ։ Բայց փառք Աստուծոյ որ հաւատացեալներու աղօթքները ընդունելի եղան առաջի Աստուծոյ եւ Ան պարգեւեց համերաշխութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտը։ Որոշ անձերու փափաքներն ու ծրագիրները չիրականացան այս երկրի սահմաններէն ներս։ Ոմանք ուզեցին գերեվարել ժողովուրդը բայց չյաջողեցան։ Իսկ, խաղաղութեան սիրոյն ոմանք նահատակուեցան եւ ոմանք ալ վիրաւորուեցան։
Մենք այսօր կ՚աղօթենք, նախ եւ առաջ նահատակներուն եւ վիրաւորեալներուն ընտանիքներուն համար, որպէսզի անոնք գտնեն իրենց մխիթարութիւնը։ Կ՚աղօթենք նաեւ մեր երկին եւ ընդհանրապէս համայն աշխարհին համար, որպէսզի խաղաղութիւնը թագաւորէ եւ համերաշխութիւնը տիրապետէ մարդոց մէջ։ Աստուած բոլորս հեռու պահէ նման փորձութիւններէ եւ աճեցնէ միասնականութեան ոգին։

Իր խօսքերու աւարտին յայտնեց թէ Տեղապահ Սրբազան Հօր բարձր տնօրինութեամբ Կիրակի օր, մեր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի աղօթք պիտի արտասանուի երկրի խաղաղութեան եւ միութեանը համար։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տեղապահ Սրբազան Հօր արտասանաց Պահպանիչ աղօթքով ու միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։