ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ 15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

 

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի նախագահութեամբ, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին 15 Յուլիսի նահատակներուն, երկրի խաղաղութեան եւ միութեան համար մասնաւոր աղօթք պիտի կատարուի։ Տեղապահ Սրբազան Հօր բարձր տնօրինութեամբ Կիրակի օր, Կազդուրման Կայանի ի նպաստ կատարելի սիրոյ սեղանը յարգանքի լռութեամբ պիտի բացուի։ Բաց աստի մեր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի աղօթք պիտի արտասանուի երկրի խաղաղութեան, միութեան եւ Հանրապետութեան անսասանութեան համար։