ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺԹ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՎԵՐՋԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

Խաղաղութեան Միջազգային Աղօթքի ԺԹ. Համաժողոժի վերջին քննարկումները տեղի ունեցան Հիլթըն հիւրանոցի սրահներուն մէջ, 13 Սեպտեմբեր 2005, Երեքշաբթի, ժամը 09.30-էն սկսեալ։ Երեքշաբթի օրուան ծրագրին ներառնուած կլոր սեղաններն էին.

ա. §Համակեցութեան քաղաքակրթութիւն¦։
բ. §Աշխարհավար հիւմանիզմ եւ կրօնական հիւմանիզմ¦։
գ. §20-րդ դարու քրիստոնէական վկայաբանութիւն. հաւատքի ու միութեան կտակարան մը¦։
դ. §Եւրոպա եւ Ափրիկէ նո՞յն ապագան¦։
ե. §Աուշվիցէն 60 տարի յետոյ. Հրեաներ եւ քրիստոնեաներ երկխօսութեան մէջ¦։
զ. §Ճաբոնիա՝ Հիրոշիմայէն 60 տարի յետոյ¦։
է. §Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւն. այսօրուան եւ ապագային մասին տեսակէտներ¦։
ը. §Համաշխարհայնութիւն, տնտեմութիւն եւ զօրակցութիւն¦։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը զեկուցեց երրորդ կլոր սեղանին, որուն ատենապետն էր՝ Մոսկուայի Պատրիարքութեան ներկայացուցիչը՝ Բարձրաշնորհ Ֆիլարէթ Մետրոպոլիտը։ Իսկ կլոր սեղանի քննարկումներուն կը մասնակցէին. Գերմանիոյ Վիւրցպուրկ քաղաքի Սբ. Էջիտիօ Միաբանութեան հոգեւոր մատակարար՝ Գերյ. Հ. Մաթեաս Լայնվէպէր, Հալէպի Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Մար Կրէկորիոս Եոհաննա Իպրահիմ Մետրոպոլիտը, Ֆրանսայի Լատին Եպիսկոպոսներէն՝ Մոնս. Իվ Փաթէնոթր եւ Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հունգարիոյ Առաջնորդ՝ Սոֆրոնի Եպիսկոպոսը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խօսեցաւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն Հայ ժողովուրդի զաւակներուն վիճակած նահատակութեան մասին։

Իսկ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը որպէս ունկնդիր մասնակցեցաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ երկխօսութեան նուիրուած քննարկման։