ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Երէկ, 18 Փետրուար 2020, Երեքշաբթի, ժամը 17.30-ին Ամեն. Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամները եւ համայնքային ու թաղային մարմնիններու ատենապետներ։

Հանդիպումը սկսաւ  Նորին Ամենապատուութեան արտասանած աղօթքով։ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հայրը պարզեց հանդիպման նպատակը, որ էր գոյացնել կեդրոնական սեղան  մը, ուր կարելի ըլլար համայնքային ու թաղային հաստատութեանց հարցերը ճշդել, հաստատութեանց առողջ գոյատեւման համար հարցերու լուծման ճանապարհ որոնել եւ մանաւանդ այս սեղանի շնորհիւ ստեղծել հասարակած կարծեաց շուրջ համախմբուելու միջոցները։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց թէ այս հանդիպումը պատմական բնոյթ կը կրէր ու այս հանդիպման ընթացքին էր որ նախաընտրական շրջանին կատարած խոստումներէն մին՝ գուցէ ամենակարեւորը, իրականացնելու գետին պիտի պատրաստուէր։ Ընդգծեց համայնքային կեանքի ընթացքին հասարակաց կարծիք գոյացնելու կարեւորութիւնը։ Շեշտեց որ այս գոյանալիք սեղանը Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ կամ Քաղաքական եւ կամ Վարչական ժողովներուն համազօր մարմին մը պիտի չըլլար։ Այս սեղանին վրայ իրականանանալի առողջ խորհրդակցութիւններով կարելի պիտի ըլլար կազմել յանձնախումբեր եւ աշխատանքային խումբեր, ի շահ մեր համայնքային ու թաղային մարմիններու առողջ գոյատեւման։

Ժողովականներ իրենրց կարծիքները յայտնեցին եւ սկսզբունքով որոշուեցաւ այս կեդրոնական սեղանը կազմել գլխաւորութեամբ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ Պատրիարքարանի Դիւանապետին, Պատրիարքական Փոխանորդին ու վարժարան ունեցող համայնքային ու թաղային մատակարար մարմիններու ատենապետներուն։ Այս վերջիններուն պիտի միանան նաեւ վարժարան չունեցող թաղերէն երեք ատենապետներ, որոնք երկու տարին անգամ մը իրենց տեղերը պիտի թողէին նորերու։ Առաջին առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջարկեց Գնալը Կղզիի, Կետիկփաշայի եւ  Պէյքոզի թաղային խորհուրդներու ատենապետները։

Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրով այս շրջագծով պիտի հրաւիրուին ատենապետներ, որոնց խորհրդակցութեամբ պիտի մշակուի կանոնագիր մը, առ ի կանոնաւորութիւն խորհրդակցական հանդիպումներու։

Հաւաքոյթը վերջ գտաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արտասանած աղօթքով։