ԾԽԱԽՈՏ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջեկեղեցական,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

SigaraARM

Համաշխարհային Ծխելէ Հրաժարման Օրուայ առիթով, կը բաժնենք «Ծխախոտ եւ Ազատութիւն» խորագրեալ յօդուածը, որ 2001ին գրի առնուած է Աթոռոյս «ԼՐԱԲԵՐ» Պաշտօնաթերթին մէջ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ձեռամբ, երբ տակաւին Մեր Հոգեւոր Պետը աբեղայ էր։

«Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով։ (Ա. Կորնթ. 6.19-20)

Երբ ծխամոլութեան մասին խօսուի, միշտ կը յիշեմ ատենօք թերթի մը մէջ հրապարակուած լուրը։ «Ծխելու վնասները» նիւթին նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին զեկուցող մասնագէտներէն մէկը քառասուն վայրկեան կը խօսի ծխախոտի եւ քաղցկեղի առընչութիւնը հաստատող տուեալներու մասին։ Քիչ ետք տրուած դադարին նոյն մարդը լուացարան կը շտապէ եւ հաճոյքով կը վառէ ծխիկը։ Այնտեղ գտնուող լրագրող մը երբ դիպուածաւ կ՚անդրադառնայ եղելութեան՝ բնականաբար աղուոր նիւթ մը գտած կ՚ըլլայ իր թերթին համար։ Իրականութեան մէջ սակայն, զեկուցողի ցուցաբերած հակասութիւնը բաւական համատարած է։ Ամէն օր, ամէն տարիքի եւ սեռի միլիոնաւոր մարդիկ նոյն հակասութիւնը կ՚ապրին առանց լուրջ անհանգստութիւն մը դրսեւորելու։ Բոլորը գիտեն թէ ծխելը սխալ է, հարիւր տոկոսով վնասակար եւ գիտնականօրէն արգիլուած՝ եւ սակայն կը շարունակեն դրամ մսխելով, գնել ու հաճոյքով լեցնել իրենց թոքերը թոյնով։ Ս. Պօղոս Առաքեալի աւետարանական սա խօսքերը որքան կը յարմարին այս պարագային. «Գիտենք անշուշտ, որ Օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնեղէն եմ՝ մեղքին ստրուկ դարձած։ Ինչ որ կ՚ընեմ չեմ հասկնար թէ ինչու կ՚ընեմ։ Որովհետեւ ուզածս չէ որ կ՚ընեմ, այլ հակառակը՝ ատած բանս է որ կ՚ընեմ։ Բարին կամենալը ձեռքս է, բայց չեմ յաջողիր զայն կատարել։ Արդ, ես կը գտնեմ հետեւեալ օրինաչափութիւնը, որ երբ կ՚ուզեմ բարին ընել՝ կը տեսնեմ որ միայն չարը ընելու ատակ եմ։ Ես իմ ներքին էութեամբս հաճոյքով կ՚ընդունիմ Աստուծոյ Օրէնքը, բայց իմ մարմնիս անդամներուն մէջ կը տեսնեմ տարբեր օրէնք մը, որ իմ մտքիս ընդունած Օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կը պահէ մեղքի օրէնքին՝ որ իմ անդամներուս մէջ է։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ» (Հռոմ. 7.14-25)։

Ամէն մարդ ըստ իրեն ծխելու «արդարանալի պատճառներ» կ՚ունենայ անպայման։ Սակայն չարիքը արդարացնելով տեղ չենք հասնիր։ Ս. Պօղոս Առաքեալի նման մենք ալ, բացէ ի բաց ընդունելու ենք որ այս պարագան մեր կամքին մէջ գոյացած ճեղք մըն է, որ միաժամանակ կ՚արգիլէ որ ուղիղ ապրինք։ Այստեղ է թաղուած նաեւ հարցի լուծումը։ «Ամէն մարդ տկարութիւն մը ունի. Իմս ալ այս մէկը թո՛ղ ըլլայ» ըսելով արդէն հաստատած կ՚ըլլանք մեր ստրկութիւնը՝ մոլութեան մը առջեւ։ Մինչդեռ Աստուած մեզ ստեղծեց ազատ կամքով։ Կրնանք իշխել մեր բոլոր ցանկութիւններուն, փափաքներուն եւ զգացումներուն վրայ։ Մինչդեռ, ցաւալի է, որ յաճախ մեր ազատութիւնը կ՚օգտագործենք ստրկանալու՝ անբան առարկայի մը։ Պօղոս Առաքեալի ելքը՝ Յիսուս Քրիստոստի կողմէ իրեն շնորհուած «նոր կեանք»ն էր։ Քրիստոսով ձեռք ձգուած այս նոր կեանքը նոյնպէս պիտի ամրապնդէ մեզ, որպէսզի լուծուին մեր առօրեայ կեանքի այլ եւ այլ հակասութիւնները։ Մեծ Պահքի օրհնեալ շրջանը առիթ է, որ Տէր Յիսուսին բերենք մեր բոլոր խնդիրները աղօթք ու պահքով, որպէսզի մոլութեան եւ չար սովորութեան բոլոր կապանքները քակուին իր կողմէ։ Մեղաւորները սուրբերու վերածող Իր սքանչելի զօրութեամբ մեզ ալ թող փոխէ՝ որպէսզի վերստին ձեռք բերենք մեր ազատութիւնը։ Ծխելու եւ այլ մոլութեանց հանդէպ անպայման փրկելու ենք մեր մարդկային արժանապատուութիւնը՝ մեր կամքի յաղթանակով։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Առաւօտ Լուսոյ» երգի պաղատանքը զօրացնէ բոլորս.

«Առաւօտ լուսւոյ, Արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա Բղխումն ի Հօրէ, Բղխեա ի հոգւոյս, Բան քեզ ի հաճոյս:
Խորհրդոց գիտող, Խաւարիս շնորհեա Խորհուրդ լուսաւոր: Ծնունդ Հօր ծոցոյ, Ծածկելոյս ստուերաւ Ծագեա զլոյս փառաց:
Կենարար փրկիչ, Կեցո զմեռեալս, Կանգնեա զգլորեալս: Հաստեա հաւատով, Հաստատեա յուսով, Հիմնեցո սիրով»: