Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցի, Պաքըրգիւղ

Հասցէ

(Ebuzziya Cad. No: 34 / Ömer Naci Sok. No: 15, 34140 Bakırköy)
Հեռ.՝ (0212) 571-6575
ֆաքս՝ (0212) 543-5240
Ել-նամակ՝ b.s.a.vakif@hotmail.com

Վառօդարանի եւ Զէյթինպուռնուի երկաթի գործարաններու հայ բանուորներուն խնդրանքովը կառուցուած է արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեանի կողմէ, 1844ին։ Ապա, Կայսերական հրամանով եկեղեցին նորոգուած է 1847ին։
Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 1999 թուին, օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են կարեւոր անձեր, որոնք իրենց օգտակար ծառայութեամբ նշանաւոր եղած են Օսմանեան Պետութեան, նաեւ իրենց նպաստներով սատար հանդիսացած՝ համայնքային կեանքին։
Յովհաննէս Պէյ Տատեան՝ հիմնադիր եկեղեցւոյ եւ դպրատան՝ վախճանած 1869ին։
Տիկին Եագութ Տատեան (կողակից Յովհաննէս Պէյ Տատեանի)՝ վախճանած 1870ին
Ներսէս-Խոսրով Պէյ Տատեան (որդի Յովհաննէս Պէյ Տատեանի)՝ վախճանած 1872ին
Տիկին Աննա Պապաեան (դուստր Յովհաննէս Պէյ Տատեանի)՝ վախճանած 1889ին
Տիկին Պէաթրիկ Պապաեան
Գրիգոր-Միհրան Պէյ Տատեան (որդի Յովհաննէս Պէյ Տատեանի)՝ վախճանած 1882ին
Էլիաս Պէյ Չայեան (քեռորդի Յարութիւն Փաշա Տատեանի)
Առաքել – Սիսակ Պէյ Տատեան (որդի Յովհաննէս Պէյ Տատեանի)
Օննիկ Պէյ Պապաեան
Սիմէոն-Խոսրով Տատեան՝ վախճանած 18ռ7ին
Յովհաննէս Շաւասպ Տատեան՝ վախճանած 1874ին
Հրանդ Պէյ Տատեան (որդի Պօղոս Պէյ Տատեանի) 1894-1897

Քարտէս