Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի վարչութեան ներկայացուցիչները, 24 Յունիս 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Այցելուներ, յայտնեցին թէ Կազդուրման Կայանի 2014 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան, 06 Յուլիս 2014, Կիրակի եւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնն ու Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու եւ հանդիսապետելու բացման հանդիսութեանց։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած հրաւէրին, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Կազդուրման Կայանի բոլոր անդամներուն։