ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

kampԳնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի վարչութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Կղզեաց տեսուչ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 4 Յուլիս 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ, յայտնեցին թէ Կազդուրման Կայանի 2013 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան, 14 Յուլիս 2013, Վարդավառի Տաղաւարին յաջորդող Կիրակիին եւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնն ու Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու եւ հանդիսապետելու բացման հանդիսութեանց։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ ներկայ գտնուիլ բացման հանդիսութեանց եւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Կազդուրման Կայանի բոլոր անդամներուն։