ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան 6 Յունիս 2018, Չորեքշաբթի, ընդունեց Գարակէօզեան Տան Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի Խնամատար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի։ Կայանի պատասխանատուները Պատրիարքարան այցելեցին՝ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրելու համար եղանակի բացման պաշտօնական հանդիսութեան, որ նախատեսուած է 1 Յուլիս 2018, Կիրակի։ Հաստատութեան վարիչները խնդրեցին, որ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան նախագահէ օրուան Ս. Պատարագին եւ յաջորդելիք սիրոյ սեղանին։

kamp lur

Խնամատար մարմնի անդամները զրոյցի տեւողութեան բացատրութիւններ տուին ամրան նախօրեակին Կազդուրման կայանէն ներս տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք յայտնեցին, որ այս տարի եւս ապահովուած են ֆիզիքական նուազագոյն պայմանները եւ մշակուած է բազմակողմանի ծրագիր մը՝ սաներու ամրան շրջանի նպատակասլաց ժամանցին համար։

Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար, գնահատեց Կազդուրման կայանի յարատեւութեան համար տարուած աշխատանքները ու բոլորին մաղթեց բարի ամառ մը՝ յղելով իր հայրական օրհնութիւնները։