ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

kinalida kampԳնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Փէքքիւչիւքի, 22 Ապրիլ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Վարչութեան անդամները, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնն ու Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը խնդրեցին Կազդուրման Կայանի 2013 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւններուն։ Այցելուներ, փափաք յայտնեցին որ, Վարդավառի հանդիսութիւններէն անմիջապէս յետոյ, 14 Յուլիս 2013, Կիրակի, Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցելի Ս.Պատարագով պաշտօնապէս վերաբացուի կայանը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին պատրաստութեան աշխատանքներու մասին։ Աշխատութիւնները դպրոցական շրջանի աւարտին ալ աւելի պիտի ծաւալէր, նկատելով որ դպրոցական շրջանի աւարտին կը սկսէր ամառնային շրջանը։ Կայանի վարիչները, այս ամառ կ՚ակնկալեն, 200-է աւելի մանուկներու ներկայութիւնը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Յիշեցուց թէ, Կղզեբնակ ժողովուրդը մօտէն կը տեսնէ տարուած աշխատանքը, եւ վստահ էր թէ այս տարի եւս պիտի շարունակուէին մանուկներու նկատմամբ գուրգուրանքը։ Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց համայնքի այն բոլոր զաւակները, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը հանդիսանան Կազդուրման Կայանին։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Կազդուրման Կայանի անդամներուն, որոնք իրենց կարելին ի գործ կը դնեն Կայանի մանուկներու համար եղած աշխատանքներուն։