ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ 40-ՐԴ ՇՐæԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Kategori: Համայնքային
270

Մեսրոպ Պատրիարք իր մօտ եկող մանուկներուն հետ

271

Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Թաթուլ Աբեղայ, Մեսրոպ Պատրիարք, Սեւան Չավուշեան

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 27 Օգոստոս 2005, Շաբաթժամը 18.00-ին, ծանօթ գործարար ու բարերար ԵդուարդՊէրպէրօղլուի զբօսանաւով անցաւ Գումգաբուէն Գնալը Կղզի։Պատրիարք Հայրը, որուն կ՚ուղեկցէր Գնալըի ԳարակէօզեանԿազդուրման Կայանի վարչութեան ատենապետ՝ ՍեւանՉավուշեան, կղզիի նաւամատոյցը դիմաւորուեցաւ Կղզեաց ՀոգեւորՀովիւ՝ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեանի, Գարակէօզեան ՏանԽնամակալութեան ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ այլվարիչներու կողմէ։

Պատրիարք Հայրը ժամը 20.00-էն սկսեալ նախագահեց Գնալը ԿղզիիԳարակէօզեան Կազդուրման Կայանի եղանակի փակմանհանդիսութեան։

Տղաքը, որոնք եկած էին անցնող երկու ամիսներու ընթացքին բոլորելուհամար իրենց ամառնային արձակուրդը կայանի երդիքին ներքեւ,ընթրիքի ընթացքին ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը։

Յայտագիրը սկսաւ Զարեհ Խրախունիի կողմէ Հայ ԳիրերուԳիւտին 1600-ամեակին (405-2005) առթիւ գրի առնուած գրականերկով մը եւ շարունակուեցաւ Լորա Քալքի շնորհակալութեանուղերձով՝ յանուն Կայանի տղոց։ Մեծ ընդունելութիւն գտան ու ծափերխլեցին Քարմէն Քարթունի, Երուանդ Էրզրումլուօղլուի, ԱսլինՔարթունի, Լիա Աճարի, Հայկուշ Սաֆարեանի, Աղթամար Արըքի,Մելիսա Արըքի արտասանած բանաստեղծութիւնները։ ԿազդուրմանԿայանի տղաքը զուարճացան նաեւ Մարթէն Եորկանցի եւ ԱռայիկԳէորգեանի յօրինումներով։ Ներկայացուեցան «Խորոտիկ» անունովժողովրդական պար մը եւ Աւետիս Պչաքճեանի մականին ներքեւՀարաւային Ամերիկեան պարերու նմոյշներ։ Ներկայացումը իրաւարտին հասաւ Կազդուրման Կայանի տնօրէնուհի Թալին Նայիրիուղերձով։

272 Այս ամառ Կայանի կարելիութիւններէն օգտուեցան ընդամէնը 205 մանուկներ.
անոնցմէ խումբ մը Պատրիարք Հօր հետ

Քառասնամեակի ընթրիքը վերջ գտաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկբանքով, որ մի առ մի շնորհակալութիւն յայտնեց ու շնորհաւորեց նախտղաքը եւ զիրենք պատրաստող ուսուցիչները՝ ներկայացման մէջիրենց արձանագրած յաջողութեան համար, ապա ՇիշլիիԳարակէօզեան Տան խնամակալները, Գնալը Կղզիի ԿազդուրմանԿայանի վարչակազմը, Տնօրէնուհին, կամաւոր երիտասարդները եւմեր համայնքի այն բոլոր անդամներն ու հաստատութիւնները, որոնքսատար հանդիսացած էին կայանի գոյատեւման։ Մեր Հոգեւոր Պետըըսաւ նաեւ, որ համայնքը տէր պէտք է կանգնի այս հաստատութեան,որ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի աւանդն է մեր համայնքին։