«ԿԱԼԷՐԻ ՊԻՐ ԶԱՄԱՆԼԱՐ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Կազմակերպութեամբ «Կալէրի Պիր Զամանլար»ի եւ գործակցութեամբ Օրլանտօ Գալումէնոյի նկարներու արխիւին 28 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բացումը ցուցահանդէսի մը՝ Հարպիյէյի մէջ։ Ցուցահանդէսը կը բաղկանար երկու մասերէ. Մնայուն բաժնին մէջ Անատօլուի Հայ Պատմութենէն լուսանկարներ տեղ կը գրաւէին, իսկ ժամանակաւոր բաժինը նուիրուած էր Կոմիտասի վաստակին։

2019 BIR ZAMANLAR

Այս ծիրէն ներս գիրքը շնորհանդէս մըն ալ կը կատարուէր՝ «Սիրտս Նման է էն փլած տներ» անունով։ Սոյն առթիւ հրաւիրուած էին Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ կոկիկ թիւով արուեստասէր հասարակութիւն մը։

2019 BIR ZAMANLAR 3

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ու գնահատեց կազմակերպիչները եւ շրջեցաւ ցուցահանդէսը։

2019 BIR ZAMANLAR 2