ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

17 07 05 Garo Paylan

 

ՀՏՓ Կուսակցութեան Ստանպուլի Երեսփոխան Կարօ Փայլան 5 Յուլիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբազնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթելու ընտրողական գործընթացին առթիւ։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց տեղեկութիւններ կատարուած գործունէութեանց մասին։ Երեսփոխան Փայլան, շուրջ մէկ ժամուան սիրալիր տեսակցութենէ ետք շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցաւ։