ԿԱՐՕ ՔԻՒՐՔՄԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Յայտնի բանասէր ու դրամագէտ Կարօ Քիւրքման 9 Հոկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 09.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

2019 KURKMAN KITAP

Կարօ Քիւրքման Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրեց իր վերջին աշխատասիրութիւնը՝ Օսմանեան Պալատան Ոսկերիչներ (Osmanlı Saray Kuyumcuları 1853-1871) հսկայածաւալ հատորը։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց զինք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Տէր Հօր։