Կեդրոնական Սանուց Միութիւն, Հարպիյէ

(Harbiye, Prof. Celal Öker Sok. No: 2, 34373 Harbiye)
Հեռ.՝        (0212) 240-4128
ֆաքս՝         (0212) 224-6031

Հիմնուած է 11 Հոկտեմբեր 1947ին, հետեւեալ կեդրոնականցիներու կողմէ, որոնք կը կազմեն նաև առաջին վարչութիւնը. Վարդան Պէկեան՝ փաստաբան (ատենապետ), Զարեհ Մակար՝ ատամնաբոյժ (փոխ ատենապետ), Արամ Անդրէասեան՝ շինութեան ճարտարագէտ (ատենադպիր), Արտաշէս Մաթէոսեան՝     առևտրական (գանձապահ), Յարութիւն Իշխան՝ ատամնաբոյժ (անդամ)։ Միութեան գործունէութեան որպէս կեդրոնատեղի կը վարձուի Պէյօղլու Բարմագգաբու, Հասնուն Կալիպ փողոց թիւ՝ 17 շէնքին առաջին յարկը:

Ա. ընդհանուր ժողովը կը գումարուի 25 Յունուար 1948ին, հետեւեալ դիւանով. Ստեփան Արաթան՝ նախագահ, Ղազարոս Պալճեան՝ փոխ նախագահ, Մայտա Օլչայ՝ քարտուղար, Տիգրան Հաճեան՝ քարտուղար։

22 Յունիս 1948ին որպէս գրական ու գեղարուեստական հրատարակութիւն, կ’որոշուի հրատարակել երկամսեայ հանդէս մը «Հանդէս Մշակոյթի» անունով, որ կը շարունակուի մինչև 1970:

Սանուց Միութիւնը իր երկրորդ հաւաքատեղին կ’ունենայ, Շիշլիի Հալասքեարկազի Պողոտայի վրայ, շէնքի մը գետնայարկը: Եւ վերջապէս կը փոխադրուի իր սեփականութիւնը եղող հաւաքատեղին՝ Հարպիյէ Փրօֆ. Ճէլալ Էօքէր փողոց, թիւ 2 շէնքին գետնայարկը, ուր կը գործէ մինչև այսօր:

Հոս պարտինք յիշատակել թէ՝ «Կեդրոնական Սանուց Միութիւն» անուան տակ միութիւն մը կազմելու գաղափարը առաջին յղացողն է՝ դեռ Կեդրոնականի աշակերտ, ապա՝ բանասէր, գրականագէտ Յակոբ Սիրունի Ճօլօլեան: Այսպէսով առաջին Կեդրոնական Սանուց Միութիւնը կը հիմնուի 1909ին, որուն վարչութիւնը կը բաղկանայ Կեդրոնականի հետեւեալ շրջանաւարտներէն՝ Յակոբ Սիրունի, Աւետիք Մեսրոպեան, Հրանդ Սարեան, Գուրգէն Էլմասեան, Վահան Ասասեան, Խորէն Ասատուրեան: