ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Kategori: Փաստաթուղթեր

80Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ 19 Յունիս 2005Կիրակի առաւօտեան արարողութիւնները սկսան ժամը 09.00ին, իսկ Ս.Պատարագը՝ 10.30ին։ Արարողութեանց նախագահեց Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ.Ուչքունեան։

81

(Ուխտաւորներէն խումբ մը Նորին Ամենապատուութեան հետ)

Ներկայ էին Գերյ. Հայր Ճոն Ուըլի, Արժ. Տ. Տ. Միւռոն, Գէորգ եւ Տրդատքահանայ հայրերը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սահակ Սրկ.Պչաքչեան, Բրկ. Լեւոն Կիսասարկաւագ Քույումճեան եւ դպիրներ։Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բերայի Ս. ԵրրորդութիւնԵկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ,ղեկավարութեամբ Վահէ Հալաճեանի։ Արարողութեանց ներկայ էինաւելի քան հարիւր հաւատացեալներ, որոնք ժամանած էինՖերիգիւղէն, Սամաթիայէն, Սեբաստիայէն, Ատանայէն, Անտիոքէն եւ Գանատայէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեցնիւթ ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ Թագաւորի վարքը։Ան, բացատրեց թէ ինչպէս Կեսարիայէն անցնելու ժամանակ ՏրդատԹագաւոր իր մօտ առած էր Ս. Գրիգորը։ Երբ յայտնի դարձած էր թէ Ս.Գրիգոր Քրիստոնեայ էր, ենթարկուած էր սոսկալի չարչարանքներու եւնետուած էր խոր վիրապ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա պատմեց թէ Տրդատ Թագաւորինչպէս նահատակեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերը եւ վարակուելովհոգեկան հիւանդութեամբ, բժշկուեցաւ Ս. Գրիգորի կողմէ։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա մանրամասն բացատրեց Ս. Գրիգորիձեռնադրութիւնը Կեսարիոյ մէջ, Ս. Գրիգորի տեսիլքը, ԷջմիածնիՏաճարի շինութիւնը եւ այլ իրադարձութիւնները Հայոց դարձին շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներուն յորդորեց տէր կանգնիլազգային-եկեղեցական արժէքներուն, շեշտեց հոգեւոր կեանքի մէջկարեւորութիւնը նման ուխտագնացութիւններուն եւ իր հայրականօրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր ներկայ ուխտաւորներուն, որոնքյարգելով Ս. Գրիգոր Պարթեւի յիշատակը մասնակցած էինուխտագնացութեան։

82

(Հոգեհանգստեան կարգ)

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն,որով յատկապէս յիշուեցան Կեսարիոյ առաջնորդներէն Տրդատ Եպիսկ.Պալեան եւ կեսարահայ գերդաստաններու ննջեցեալները։ ԱպաԵկեղեցւոյ բակին մէջ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբօրհնուեցաւ հոգեճաշը, զոր նուիրած էր կեսարացի գործարար ԱհմէտՊիւյիւքմխճը։ Սիրոյ սեղանէն յետոյ կատարուեցաւ նաեւգերեզմանօրհնէք Կեսարիոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։

83

(Նորին Ամենապատուութիւնը կ՚օրհնէ սիրոյ ճաշը)

Ժամը 16.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը իր շքախումբիանդամներուն հետ այցելութիւն տուաւ Կեսարիոյ ՀնագիտութեանԹանգարանը եւ ապա հանգիստ առաւ ԿեսարիոյՔաղաքապետութեան Պէշթէփէ զբօսայգիին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, որ Կուսակալին եւ Քաղաքապետինքաղաքէ դուրս գտնուելուն պատճառաւ այս անգամ պաշտօնականհանդիպումներ չունեցաւ Կեսարիոյ մէջ, ժամը 20.30-ի թռիչքովվերադարձաւ իր Աթոռը։

84

(Նորին Ամենապատուութիւնը Ատանացի ուխտաւորներուն հետ)

85

(Նորին Ամենապատուութիւնը Սեբաստացի ուխտաւորներուն հետ)