ԿԷՎԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Gevas Belediye BaşkanıԿէվաշի քաղաքապետ Սինան Հաքան, որ վերջին ընտրութեամբ քաղաքապետ ընտրուած էր, 29 Օգոստոս 2014, Ուրբաթ, ժամը 13.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգելի քաղաքապետը փափաքած էր սոյն այցելութեամբ ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունենալ Արամ Արքեպս.ի հետ, յաջորդ Կիրակի Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարելի Ս. Պատարագի արարողութեան կապակցութեամբ։ Ան, յայտնեց թէ քաղաքապետութիւնը պատրաստ էր օժանդակելու սոյն արարողութեանց յաջողութեամբ եւ անթերի կատարումին համար։

Արամ Արք. ողջունեց յարգելի քաղաքապետի ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Յիշեցուց թէ անցեալ հինգ տարիներու ընթացքին, Կէվաշի Քաղաքապետութիւնը, ամենայն պատրաստակամութեամբ կ՚օժանդակէր սոյն ուխտագնացութեանց։ Նորին Սրբազնութիւնը, վստահութիւն յայտնեց թէ, ներկայ շրջանին եւս նոյն օժանդակութիւնները պիտի շարունակուէին։ Այցելութեան աւարտին յարգելի հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան, մաղթեց՝ յաջորդ Կիրակի Վանի մէջ տեսնուիլ Իր հետ եւ մեկնեցաւ գոհ տպաւորութեամբ։