ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 23 Մարտ 2018, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Այցելութեան նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել վերջին շրջաններուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Կէտիկփաշայի Թաղային Խորհուրդի միջեւ ծագած առկայ հարցը, որ առնչուած էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանի պաշտօնատեղիի փոփոխութեան հետ։

 

Թաղային Խորհուրդի Ատենապետը եւ անդամները ապաւինելով Նորին Սրբազնութեան հայրական ներողամտութեան, յայտնեցին թէ կը գիտակցին իրենց կատարած սխալին, որ Աթոռոյ տնօրինումներուն ու օրուան հոգեւոր իշխանաւորին դէմ դիրքորոշում կը նկատուէր։ Անոնք խնդրեցին նաեւ թէ Եկեղեցւոյ հովիւը շարունակէ իր պաշտօնը մինչեւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, թողլով տնօրինումը Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։

 

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց թէեւ ուշացած, սակայն գնահատելի կեցուածքին մասին եւ ընդառաջելով հանդերձ եղած խնդրանքին, որոշեց նաեւ հետեւիլ յարաբերութիւններու ընթացքին՝ Պատրիարքական Աթոռին հանդէպ յարգանքի առանցքով։

 

Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։ Յարգելի հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնելով Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, գոհ սրտով մեկնեցան Պատրիարքարանէն։