ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Կէտիկփաշայի Ս. ՅովհաննէսԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Բ. Ատենապետ Մուրատ Էօզչէլիքի 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները տեղեկութիւններ փոխանցեցին ելմտական հարցերուն, ինչպէս նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու այլ ծրագիրներուն մասին եւ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին իրենց մօտալուտ մատաղօրհնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 29 Դեկտեմբեր 2019, Կիրակի։

2019 GEDIKPASA

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։