ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Օգոստոս 2020, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Ս. ՅովհաննէսԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։

Հիւրերը քաղաքավարական այցելութիւն տուած էին Պատրիարք Հօր եւ զրոյցի ընթացքին յայտնեցին թէ՝ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլըի վախճանումէն յետոյ, նոր ատենապետութեան պաշտօնին կոչուած էր՝ Մուրատ Էօզչէլիք։ Հիւրերը նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ յատկապէս եկեղեցւոյ կալուածներէն միոյն մասին եղած դրական զարգացումը աւետեցին Մեր Հոգեւոր Պետին։

GEDIKPASA

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ երախտիքով յիշատակեց վախճանեալ ատենապետը եւ իր առաջնորդութեամբ կատարուած գործունէութինը։ Այս առիթով մաղթեց որ, վարչութիւնը իր գործունէութեան շարունակէ նորընտիր ատենապետի առաջնորդութեամբ եւ շարունակէ յաջողութիւններ ձեռք բերել։