ԿԷՕԹԷՊՈՐԿԻ ՄԷջ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Kategori: Միջեկեղեցական

40Միջկրօնական ժողովի մասնակիցները 12 Մայիս 2005 հինգշաբթիառաւօտ կրկին համախմբուեցան Կէօթէպորկի Բեթղեհէմ Եկեղեցւոյսրահին մէջ։ Օրուայ կէսին խօսք առին Թուրքիոյ Ասորի Կաթոլիկհամայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոնս. Եուսուֆ Աւ.Քհնյ. Սաղեւ Լոնտոն պաշտօնավարող երիտասարդ իմամներէն Աճմալ Մէսրուր։ Ապա Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ եւ ԹուրքիոյԿրօնից Տեսչութեան Արտաքին Յարաբերութեանց վարիչ՝ Տքթ. ԱլիՏէրէի ատենապետութեամբ՝  Թուրքիայէն ժամանածներկայացուցիչները առանձինն սենեակի մը մէջ կլոր սեղանկազմեցին, ուր   գաղափարներու շատ շահեկան փոխանակում տեղիունեցաւ միջկրօնական յարաբերութիւներու գլխաւոր սկզբունքներունմասին։ Յետ միջօրէի շրջապտոյտ մը կազմակերպուած էր դէպիԿէօթէպորկի պատմական եւ տեսարժան վայրերը։

Հինգշաբթի երեկոյեան, Նորին ամենապատուութիւնը եւմիւս հիւրերը հրաւիրուած էին Շուէտի ԱզգայինԼուտերական Եկեղեցւոյ Կէօթէպորկի թեմի առաջնորդ՝Քարլ-Աքսէլ Եպիսկոպոս Աուրէլիուսի բնակարանն, ուրընթրիք մը սարքուեցաւ ի պատիւ ժողովի մասնակիցհոգեւորականներուն եկ ակադեմականներուն։ Ընթրիքիաւարտին գոհաբանական աղօթքներ կատարուեցան եւհոգեւոր երգեր երգուեցան անգլերէն, արաբերէն,եբրայերէն, թրքերէն, հայերէն, յունարէն եւ շուէտերէնլեզուներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւԱուրէլիոս Եպիսկոպոսին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանիգործերէն «Օսմանեան Կայսրութեան Հայ Նկարիչները»երկհատոր հեղինակութենէն օրինակ մը։