ԿԷՕԹԷՊՈՐԿԻ ՄԷՋ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Kategori: Միջկրօնական

Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, Կէօթէպորկի Համալսարանի Աստուածաբանական Բաժնի, ԿէօթէպորկիՔաղաքապետութեան համատեղ ջանքերով կազմակերպուածմիջկրօնական ժողովի մը մասնակցելու համար Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ գաւազանակիրը՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի, Պոլիս-Ֆրանքֆուրդ-Քոփէնհակ օդայինճանապարհով Շուէտի երկրորդ մեծ քաղաքը՝ Կէօթէպորկ ժամանեց 10 Մայիս երեքշաբթի կէսգիշերին եւ իջեւանեցաւ կազմակերպիչներուկողմէ ընտրուած հիւրանոցը։ Ֆրանքֆուրդի օդանաւակայանին մէջ Նորին Ամենապատւութիւնը հեռաձայնով կապուեցաւ ԳերմանիոյՀայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկ. Պէքճեանի հետ։

Միջկրօնական երկխօսութեան նուիրուած եւ «ԿրօնքներըՓոխըմբռնման եւ Խաղաղութեան Համար Համագործակցութեան Մէջ» մայր թեմայով կազմակերպուած ժողովի Բացման նիստը տեղիունեցաւ Կէօթէպորկի համալսարանի ժողովասրահին մէջ, 11 Մայիս 2005, չորեքշաբթի, ժամը 13.30-ին։ Բացման նիստին խօսք առինԿէօթէպորկ Համալսարանի Վերատեսուչ Կուննար Սվէտպէրկ,Կէօթէպորկի Նահանգապետ Կէօթէ Պերնարտսոն, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը, Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Մոնս. Ուիլիըմ Եպիսկ. Քէնի,Շուէտի Պոլսոյ Աւագ Հիւպատոս Ինկմար Քարլսըն եւ մասնակիցներէնքանի մը ուրիշներ։

39Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որյատկապէս Եւրոպայի մէջ այսօր նահանջ կ՚արձանագրեն հոգեւորբոլոր շարժումները, իսկ յանուն կրօնքի՝ քաղաքներուհրապարակներուն վրայ հաւաքուողներուն մեծամասնութիւնը կըպատկանի ընդհանրապէս կրօնքը չարաշահող քաղաքականշարժումներու։ Աւանդական ընկալումով կրօնքն ու կրօնականհաստատութիւնները մերօրեայ սերունդին կողմէ առօրեայ կեանքիհետ առընչակից չեն գտնուիր, ուստի այս խնդրին շուրջ հրեաներու,քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու մտահոգութիւններընոյնատեսակ են։ Մեսրոպ Պատրիարք անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյփոքրամասնութիւններու ընդհանուր փափաքին որպէսզի Թուրքիաշուտով ընդունուի Եւրոմիութեան երկիրներու միջազգային համայնքէններս։ Նորին Ամենապատուութիւնը կանգ առաւ նման ժողովներուանհրաժեշտութեան վրայ  քանի որ խնդիրները ընդհանրական են։

Ժողովի մասնակիցները նոյն օրը 15.00-ինհաւաքուեցան Կէօթէպորկի Բեթղեհէմ Եկեղեցւոյսրահին մէջ, ուր առաջին զեկուցումը ներկայացուցԱմերիկայի Թէքսաս նահանգի Հուսթընիհամալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Հելեն Ռոզ Իպա՝ «Համաշխարհայնացում, Գաղթականութիւն եւԿրօնական Զանազանութիւն. ԿրօնականԼայնախոհութենէ Անդին» թեմայով։  Երկրորդզեկուցումը ներկայացուց Լունտս համալսարանէնՓրոֆ. Տքթ. Եան Հյէրփէ՝ «Նախկին կամ Ժամանակակից Ընդհարումներու Մասին Կրօնից Պատմաբանի Մը Տեսութիւնները» վերնագրով։ Նոյնօրուան ընթացքին Մեսրոպ Պատրիարքհարցազրոյցներ ունեցաւ §Աքսիոն¦ շաբաթաթերթիթղթակից՝ Ատէմ Եավուզ Արսլանի, «Շրքանս Թիտնինկ» շուէտական թերթի թղթակից՝ Լարս Հիլլոսի եւ Շուէտիթրքական ռատիոկայանի ներկայացուցչին հետ։ ՆորինԱմենապատուութիւնը ժամը 18.30-ին սուրճ առաւ նաեւԿէօթէպորկի հայ համայնքի կազմակերպութեանվարիչներուն հետ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝Տկն. Քէթրին Յակոբեանի։ Ժողովի մասնակիցներըերեկոյեան ժամերուն ընթրիքի հրաւիրուած էինԿէօթէպորկի Նահանգապետ Կէօթէ Պերնարտսոնիբնակարան-պալատին մէջ։