ՃԻՊՐԱԼԹԱՐԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

DSCN1074Ճիպրալթարի Եւրոպայի Արքեպիսկոպոս՝ Ռոպէրթ Իննէս, ընկերակցութեամբ դիւանապետ՝ Հայր Մէուրիկ Ուիլյըմսի, 5 Մայիս 2015, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Ներկայ էին նաեւ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

11014681_442209322605623_7224281716175951684_nՀիւր հոգեւոր առաջնորդը, առաջին անգամ Ստանպուլ կը գտնուէր ։ Ան, հովուապետական այցելութեամբ եկած էր  քաղաքս եւ առիթէն օգտագործուելով փափաքած էր նաեւ այցելել Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը, ողջունեց մեծայարգ հոգեւոր առաջնորդի ներկայութիւնը եւ ընդհանուր գիծերով Թուրքիոյ Հայ Համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Իր կարգին, Ռոպէրթ Արքեպս.ն ալ, Ճիպրալթարի Արքեպիսկոպոսարանի իշխանութեան սահմաններուն մէջ գործող եկեղեցիներու եւ համայնքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Սրբազան Հայրը, սոյն այցելութեան որպէս յիշատակ նուիրեց գիրք մը։

Հանդիպման աւարտին, հիւր հոգեւոր առաջնորդը ստորագրեց պատուոյ տոմարը, որմէ յետոյ առաջնորդուեցաւ Աթոռանիստ Մայր Տաճար եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց։

11150472_442209349272287_3113897080359632775_n11150233_442209615938927_4677459846390150159_nԱյցելութեան աւարտին, հիւր հոգեւոր առաջիորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ գոհ տպաւորութիւններով մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։