ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական

gisasargavak  4

gisasargavak tsernatutyunՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 2 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի, հանդիսապետեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ աւանդական մատաղօրհնութեան։

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեանց ներկայ էին Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն  ուրարակիր դպիրներ Կարօ Սեղբոսեան եւ Եդուարդ Վարժապետեան, Թագսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիէն ուրարակիր դպիրներ Միսաք Չամեաբան եւ Սարօ Այվազ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ուրարակիր դպիրներ Արէտ Փէհլիվանօղլու, Սարօ Աքչէլեան եւ Գաբրիէլ Կէօքօղլու, Աթոռանիստ Մայր Տաճարէն Ուրարակիր Դպիր Գամէր Գարաթայլը եւ Պէշիքթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն Ուրարակիր Դպիր Պարոյր Գույումճեան Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան, խարտաւիլակութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետի։

Կիսասարկաւագի ձեռնադրութեամբ, ընծայեալներու ձախ բազուկներուն զետեղուեցաւ ուրարը եւ իրենց յանձնուեցաւ Խորհրդատետրը, պատարագիչի զգեստներն ու դատարկ սկիհը։ Արարողութեան աւարտին, նորաձեռնադրեալ կիսասարկաւագները «Պահպանիչ» աղօթքով ստացան Նորին Սրբազնութեան օրհնութիւնը։