ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

gulbenkianԿիւլպենկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժնի նոր Վարիչ-Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, 19 Ապրիլ 2013, Ուրբաթ, ժամը 10.15-ին, այցելեց Պատրիարքարան, եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքարանի Հրատարակչական Բաժնի Վարիչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Մեծայարգ հիւրը յայտնեց թէ Կիւլպենկեան հիմնարկի մէջ պաշտօն ստանձնելէ յետոյ փափաքած էր ծանօթանալ Հիմնարկի գործակցած համայնքներու հետ եւ մեկնած էր Հայաստան, ապա՝ Լիբանան։ Իսկ այսօր եկած էր Ստանպուլ եւ այս առթիւ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Ան յայտնեց թէ երկու տարի առաջ գտնուած էր Ստանպուլ, բայց այս այցելութիւնը կ՚ըլլար աւելի պաշտօնական, քանի որ ինք այս անգամ կու գար, որպէս Կիւլպենկեան հիմնարկի Հայկական Բաժինի տնօրէն։ Ինք անծանօթ չէր արդէն իսկ Պատրիարքական Աթոռոյ աշխատանքներուն եւ տեղեակ էր հրատարակչական ու մշակութային զանազան գործունէութեանց։  Ան, գործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հետ, նման իր նախորդին՝ Փրօֆ. Տքթ. Զաւէն Եկաւեանի։

Մեծայարգ հիւրը, ի յիշատակ իր այցելութեան նուիրեց Կիւլպէնկեան Հիմնարկի մեկենասութեամբ հրատարակուած Գլոտ Մութաֆեանի երկհատոր աշխատասիրութիւնը՝ “L’Armenie du Levant”։

Նորին Սրբազնութիւնը Դոկտ. Փանոսեանին բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ շնորհաւորեց իր նոր պաշտօնը եւ ըսաւ թէ ստանձնած ծանր լուծը, սփիւռքի ամենէն կարեւոր, սակայն նոյնքան դժուար պաշտօններէն մին էր։ Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց թէ նոյն եռանդով պիտի շարունկուէր նախորդ տնօրէն՝ Փրօֆ. Տքթ. Զաւէն Եկաւեանի շրջանի համագործակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար աւելի ընդարձակել հիմնարկի ներդրումը, յօգուտ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու, եւ անոնց կարգին Թուրքիոյ Հայ համայնքին եւս։ Մեծայարգ հիւրին նուիրուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութիւններէն օրինակներ։

Աւելի քան մէկ ժամուան զրոյցի աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Ռազմիկ Փանոսեանի իր նոր պաշտօնին, եւ մաղթեց որ Ան արձանագրէ նորանոր նուաճումներ։