ԿՂԶԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

15585015_685172914975928_5756900829745824373_oԿղզեաց Քաղաքային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Փրօֆ. Տօքթ. Սինան Էօզպէքի, 22 Դեկտեմբեր 2016, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խորհուրդի անդամները փափաքած էին, քաղաքավարական այցելութիւն տալ Պատրիրաքարան։ Խորհրդը կամուրջի պարտականութիւնը ստանձնած է ժողովուրդի եւ Կղզեաց Քաղաքապետարանի միջեւ։ Այս շրջագծով անոնք, Կղզեաց Քաղաքապետութեան սահմաններուն մէջ բնակող մերազն ժողովուրդի խնդիրները լսել ուզեցին Փոխանորդ Սրբազանէն։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ պատշաճ տեղեկութիւններ փոխանցեց հիւրերուն։