«ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ՝ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՈԳԵՒՈՐԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 27 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 21.30-ին տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս Վարդապետ՝ Անլռելի Զանգակատուն» ներկայացումը, որ դարձաւ բացառիկ հանդիսութիւն մը։ Հանդիսութեան կը նախագահէր Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, իր մօտն ունենալով Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանը եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Լեւոն Շատեան եւ ընկերները, Կազդուրման Կայանի Վարչութեան Ատենապետ՝ Արի Չօլաք, Կազդուրման Կայանի Տնօրէնուհի՝ Լիզա Չօլաքօղլու, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու Դպրապետ՝ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, կրթական մշակներ եւ մշակութասէր հասարակութիւնը։

 

Սոյն հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Յարութիւն Աբեղայի հսկողութեամբ եւ յայտնի բեմադրիչ Արամ Կոստանեանի տքնաջան առաջնորդութեամբ։ Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին եւ յատկանշական էր այն առումով թէ՝ եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ կը մատուցուէր։ Ներկաներ կենդանի վկայութիւն հանդիսացող լուսազգեայ զանգակատան վրայ ցոլացուած Կոմիտաս Վարդապետի նկարով եւ իր երաժշտութեամբ դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ պարտէզը։ Գիշերային մթութեան մէջ սոյն տեսարանը իսկ բաւ էր ոգեւորելու Կոմիտաս Վարդապետի սիրահար ժողովուրդը։ Մինչ եկեղեցւոյ մայր սեղանէն ճառագայթող լոյսի շողերը կը միանային սոյն տեսարանին։

2019 GOMIDAS 1

Նման բարձր տրամադրութեամբ, Տեղապահ Սրբազանը պատուեց հանդիսութիւնը եւ իր գալստեամբ սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան մէջ կային Կոմիտաս Վարդապետի կեանքի մասին գիտելիքներ, արտասանութիւններ, նկարներ, երաժշտութիւն։ Յայտագրի երաժշտութեան բաժինը կը գլխաւորէր՝ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու վարիչ՝ Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Զիզմէճեան։ Այնուհետեւ, Պարէտ Չաղլըչուպուքճու եւ Էլլա Ենոքեանի մեկնաբանութեամբ երգուած «Կռունկ» երգով գործադրուիլ սկսաւ յայտագիրը։ Ապա, Մուրատ Սէփէթճի, Միսաք Էօղրէթ եւ Տիանա Չիլինկիրեան, կարգաւ ընթերցեցին Փոքրիկ Սողոմոնի կեանքէն եւ ապա՝ Կոմիտաս Վարդապետի գործունէութենէն դրուագներ։ Մինչ այդ, Արամ Կոստանեան ուրոյն ոճով ասմունքեց ու ներգրաւեց ներկաներու ուշադրութիւնը։  Եւս առաւել, իր տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ ասմունքեց Տիանա Չիլինկիրեան, որ ինք եւս վերստին բարձրացուց հանդիսութեան յուզումնախառն ոգեւորութիւնը։ Նարեկ Քազիքօղլու մէջբերումներ ըրաւ այլ մտաւորականներու եւ երաժշտակգէտներու տպաւորութիւններէն օրինակներ տալով։ Մասնաւորապէս յատկանշական էր, Հրաչեայ Աճառեանի տպաւորութիւնը, որով յայտնի կը դառնար թէ՝ Կոմիտաս Վարդապետ փոխանակ նիւթական բարձր վարձատրութեանց, ընտրած էր՝ Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով իր ժողովուրդին ծառայելու դժուարին ճանապարհը։ Հանդիսութեան տպաւորիչ պահերէն մին էր նաեւ, երբ տղաքը մութին մէջ կ՚երգէին Կոմիտաս Վարդապետի գլուխ գործոցներէն՝ «Տէր Ողորմեա»ն։  Իսկ, հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին՝ ներկաներ յուզումնախառն հայեացքով հետեւեցան Գնալը Կղզիի վրայ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին առաջնորդութեամբ, Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին ձօնուած առաջին հանդիսութեան օրուան նկարին։ Անոնք, այս առիթով լսեցին Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր Կոմիտաս Վարդապետի մասին խօսած պատգամէն բաժին մը, որուն մէջ յստակօրէն կ՚ըսէր. «Վարդապետ, եթէ քեզ մոռնանք, մեր լեզուն, մեր քիմքին թող փակչի»։ Հանդիսութիւնը, իր աւարտին հասաւ Պարոյր Սեւակի գրի առած «Անլռելի զանգակատուն» բանաստեղծութեան վերջին բաժինով։ Երբ Արամ Կոստանեան, Կոմիտաս Վարդապետին ակնարկելով ըսաւ «Դուն, մեր անլռելի զանգակատունն ես», եկեղեցւոյս զանգակները եւս սկսան ղօղանջել, որպէս խորհրդանիշ՝ Կոմիտաս Վարդապետի անշիջանելի յիշատակի ձայնին։

 

Հանդիսութեան աւարտին, բոլոր ներկաները ծափերով գնահատեցին թէ՛ յայտագիրը եւ թէ՛ Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը։ Ապա, խօսք առաւ Յարութիւն Աբեղան, եւ յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Ներսէսեան Դպրաց Դասու եւ Կազդուրման Կայանի, շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Կոստանեանին՝ իր տարած աշխատութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր պատանիներուն ու երիտասարդներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան սոյն հանդիսութեան։ Հայր Սուրբը, խնդրեց նաեւ որ Սրբազան Հօր ձեռամբ, ծառայողներուն յանձնուին պատրաստուած Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակի նկարները, որոնց վրայ կը գտնուի այն նկարը, որ ըստ աւանդութեան գծուած է Գնալը Կղզիին մէջ։

 

Հուսկ բանքը արտասանեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը, եւ մեծապէս գնահատեց տարուած հսկայածաւալ աշխատանքը։ Ինք շեշտադրեց թէ՝ զանգակատունը միայն արարողութիւններու սկիզբը չի ծանուցաներ, այլ՝ կը ծառայէ ժողովուրդը համախմբելու։ Հինէն մասնաւորապէս գիւղերուն մէջ զգալի կը դառնար այս յատկութիւնը։ Հետեւաբար, Կոմիտաս Վարդապետ իր երգերուն շնորհիւ իրապէս դարձած է անլռելի զանգակատուն մը, որուն անունն ու գործունէութիւնը միշտ կը միացնէ շատերը։ Հայերէն իսկ չգիտցողներ, կը լսեն իր երգերը եւ հաճոյք կ՚առնեն եւ այս է երաժշտութեան ճամբով համախմբելու օրինակը։ Իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ ժողովուրդը միշտ համախմբուելու առիթներ գտնէ եւ ոգեւորէ իր միասնականութիւնը։ Այս առթիւ, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, գնահատեց Յարութիւն Աբեղան, Կղզեաց շրջանէն ներս իր տարած հովուական ու մշակութային աշխատութեանց համար, յիշելով՝ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը, Ներսէսեան Դպրաց Դասն ու Կազդուրման Կայանը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուած էին Մեծ Վարդապետին խնկելի յիշատակը։

2019 GOMIDAS KAPAK 2019 GOMIDAS 2

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ մի առ մի մօտեցան հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ իրենց գնահատական խօսքերով խրախուսեցին զանոնք։