ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ, ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 22 Օգոստոս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 21.30-ին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած երաժշտական համերգ մը։ Հանդիսութեան կը հանդիսապետէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, Դպրապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Լեւոն Շատեանի, Ս. Ներէսեան Դպրաց Դասու անդամները, Կազդուրման Կայանի Խնամատար Մարմնի Ատենապետ՝ Արի Չօլաք եւ ընկերները, Տնօրէնուհի Լիզա Չօլաքօղլու եւ կղզեբնակ մշակութասէր հասարակութիւնը։

 

Հանդիսութիւնը սկսաւ մանկանց երգչախումբի անդամներէն Տէրըն Տէմիրճիի արտասանած «Հայկական Տոհմէն» բանաստեղծութեամբ։ Ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան երգչախումբի պատանիներէն՝ Լիտիա Լիման եւ Սարին Պալ ու յայտնեցին թէ Եկեղեցոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասն ու Կազդուրման Կայանի Շնորհքեան Երգչախումբերու համատեղ աշխատութեամբ կազմակերպուած էր սոյն հանդիսութիւնը։ Անոնք եւս յայտնեցին, թէ սոյն հանդէսը կը կազմակերպուէր մասնաւորապէս յիշատակելու համար Կոմիտաս Վարդապետը։ Հանդիսութեան իրենց նուագներով կը մասնակցէին նաեւ՝ Սիրուն Սիրունեան, Սեւան Ինեափան, Սեւան Կարապետեան, Նորա Իփէքճի, Նատին Միտօեան եւ Դալար Միտօեան

 

Ողջոյնի խօսքերու աւարտին Բրկ. Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի մականին ներքեւ եւ Թաթիանա Տէմիրի աջակցութեամբ նախ բեմ բարձրացան՝ Ս. Ներսէսեան երգչախումբի ամենէն փոքր աշակերտները։ Անոնք երգեցին «Հինգ Փաթիկներ», «Գլուխ», «Թաթիկներ», «Պարոն Արեւ», «Ճան ճան աշուն», «Ձկնիկներ», «Եօթ աշխոյժ օրեր», «Ինչո՞ւ», «Մեր քաղաքը» եւ թէ «Ուրախ ենք» երգերը։ Փոքրիկներէն շատեր միացան նաեւ իրենց մեներգներով։ Մօտաւորապէս կէս ժամուան ընթացքին փոքրիկներ ներկայ ունկնդիրներուն գնահատանքին արժանացան։

Հանդիսութեան առաջին բաժնի աւարտին, թէ՛ մանկանց խումբի եւ թէ՛ պատանեաց խումբի բոլոր անդամները միատեղ հաւաքուեցան։ Ապա, Յարութիւն Աբեղան խօսք առաւ ու ոգեւորիչ յայտարարութիւն մը կատարեց ըսելով. «Այս համերգը Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած է։ Արդէն իսկ իր անունը ծանօթ է բոլոր աշխարհին եւ տարբեր վայրերու մէջ ան արդէն կը յիշատակուի ու պիտի յիշատակուի։ Բայց երբ զինքը կը յիշենք Գնալը Կղզիին մէջ, մենք մասնաւոր երախտիքի պարտք մը ունինք, քանի 1980-ական թուականներէն յետոյ հայերէն երգերը մանուկներու եւ մեծերու բերնով հնչել սկսան այս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Մենք այս իրավիճակը ուղղակիօրէն կը պարտինք Մեսրոպ Պատրիարքին։ Քանի Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակն է եւ քանի Սիրեցեալ Պատրիարք Սրբազանը վախճանած է այս տարի, ես որպէս Հոգեւոր Հովիւ Կղզեաց կը յայտարարեմ, թէ մեր մանկանց երգչախումբը այսօր կը մկրտուի նոր անունով։ Ներսէսեան Դպրաց Դասը, իր մականին ներքեւ յետ այսու ունի Մեսրոպեան Մանկանց Երգչախումբը։ Այս ճամբով այս գիշեր Մեսրոպեան եւ Շնորհքեան Երգչախումբերը կը միանան, որպէս հաւաստիքը երկու մեծանուն հոգեւորականներէ յաջողապէս փոխանցուած մշակութային աւանդութիւններուն»։  Սոյն արտայայտութիւնը ծափերով  ու մեծ խանդավարութեամբ դիմաւորուեցաւ, ներկայ հոծ բազմութեան կողմէ։

KINALI HAMERK 2

Յայտագրի երկրորդ բաժինը աւելի ոգեւորիչ դառնալ սկսաւ նուագախումբերու եւս մասնակցութեամբ։ Այս բաժինը սկիզբ առաւ, Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեմբ։ Ապա կարգաւ երգուեցան «Ծիծեռնակ», «Իմ անոյշ տաւիղ», «Ամառ է ամառ», «Քամին նազա», «Բայց դու», «Ասում են թէ», «Արագացրու շուտ արա» եւ «Անապատի Արեւ» երգերը։ Կրկին բազմաթիւ մանուկներ եւս մեներգներով առաւել եւս ոգեւորեցին յայտագրի ընթացքը։ Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ, մեծ խանդավառութեամբ երգուած «Ցտեսութիւն» երգով։

Հանդիսութեան աւարտին Հայր Սուրբը յանուն Սուրբ Եկեղեցւոյ օրհնութեան գիրերով պատուեց ու յուշանուէրներ յանձնեց կամաւոր սպասաւորներուն։ Հայր Սուրբը կարգաւ, Հրանդ Չիզմէճեանի, Թաթիանա Տէմիրի, Սիրուն Սիրունեանի, Սեւան Ինեափանի, Սեւան Կարապետեանի, Նորա Իփէքճիի, Նատին Միտօեանի եւ Դալար Միտօեանի անունները ընթերցեց ու իրենց տարած աշխատութիւնը գովեց։ Այնուհետեւ իր հուսկ բանքով եզրափակեց երեկոն ու ըսաւ. «Կոմիտաս Վարդապետ ընդհանրապէս տխուր երեսակով կը յայտնուի մեր առջեւ։ Իսկ այս գիշեր տեսանք թէ, երջանկութեամբ եւս կարելի է յիշել մեծ Վարդապետը։ Այս մէկը կարելի է երբ կը թափանցէք Կոմիտաս Վարդապետի ոգիին։  Մանուկներու Հայերէն երգերուն եւ երգչախմբային մասնակցութեամբ կը յիշատակուի Կոմիտասը եւ կամ՝ նուագախումբերու ձայնը կը յիշեցնէ իր մտայնութիւնը։ Որքա՜ն լաւ առիթ, որ Գնալը Կղզիի մէջ իսկ ապրած Վարդապետին երաժշտութիւնը տակաւին ողջ ու կենսունակ է։ Այնուհետեւ, ըսաւ, թէ ներկայ երգչախումբի կազմութիւնը իսկ կը պարտէին Մեսրոպ Պատրիարքի, քանի Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեամբ, ան սկսած էր մշակոյթի կարեւորութիւնը յիշեցնել ժողովուրդին։ Հին ժամանակներուն, ընդհանրապէս միայն կիրակնօրեայ արարողութեանց բաց կ՚ըլլար Գնալըի Եկեղեցին։ Իսկ, Պատրիարք Սրբազանի հովուութեան օրերուն, այս մտայնութիւնը փոխուեցաւ ու Կղզիի վրայ մշակութային կեանքը ծաղկիլ սկսաւ եւ մանուկներ հայերէն երգեր լսել ու երգել սորվեցան։ Օրհնեա՛լ  ըլլայ  յիշատակը անոր, եւ իր յիշեցուցած Կոմիտաս Վարդապետի անմահ յիշատակը»։ 

KINALI HAMERK

Հայր Սուրբը, իր խօսքերու աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրեց, միասնաբար երգելու. Մեսրոպ Պատրիարքէ աւանդուած «Նախ Խնդրեցէք» երգը։ Ներկաներ ու մասնաւորապէս փոքրեր, մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին այս հոգեւոր երգը։