ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Կոմիտաս Վարդապետ, իր ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի նախաձեռնութեամբ, 18-19 Հոկտեմբեր 2019ին, «Յիշելով Կոմիտասը ծննդեան 150-ամեակին» խորագրեալ երկօրեայ հանդիսութիւններով  յիշատակուեցաւ։

 

Բացման հանդիսութեանց, նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ 18 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլու եւ ընկերները, Վարժարանի Տնօրէնուհի Սիլվա Մարկոսեան, ուսուցիչներ, աշակերտներ, համայնքային հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ ու մշակութասէր հասարակութիւնը։ Սոյն ձեռնարկներու մասնակցելու համար, Երեւանէ մասնաւորապէս Պոլիս ժամանած էին՝ Երեւանի Մխիթար Սեբաստացի Կրթահամալիրի աշակերտներն ու իրենց ուսուցիչները։

 

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, Տնօրէնուհի Սիլվա Մարկոսեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան, ըսաւ թէ՝ Կեդրոնական Վարժարանը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է Կոմիտաս Վարդապետին, քանի այդ վարժարանի յարկէն ներս գործած է որպէս խմբավար։ Վարժարանի աշակերտներու մասնակցութեամբ ան կազմած է Գուսան Երգչախումբը։ Հետեւաբար, սոյն յիշատակութիւնը պարտականութիւն համարած էր վարժարանը եւ երկօրեայ հանդիսութիւններով պիտի ջանար յիշատակել Կոմիտաս Վարդապետը։ Ապա, խօսք առաւ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ, հանդիսութեան խմբավար եւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի վարիչ՝ Յակոբ Մամիկոնեան։ Ինք եւս հիացումով արտայայտուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի մասին։ Ապա, ընդարձակ կէտերով ներկայացուց Կոմիտասի կենսագրականը։

 

Սրտի խօսքերուն յաջորդեց, Կեդրոնական վարժարանի աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ երաժշական յայտագիրը։ Այնուհետեւ, նուագներով, մեներգներով ու խմբերգներով հնչեցին Կոմիտասեան երգեր։ Հանդէս եկան նաեւ Մխիթար Սեբաստացի Կրթահամալիրի «Ֆօլք Պէնտ»ը։ Հանդիսութեան հետաքրքրական պահն էր, երբ աւանդաբար Կոմիտաս Վարդապետէ հասած դաշնակը ընկերացաւ երգերուն։ Հանդիսութեան ամենէն ոգեւորիչ պահը հասաւ, երբ մասնակից բոլոր երաժիշտներ ու սրահի ժողովուրդը, միասնաբար երգեցին «Ո՜վ Մեծասքանչ Դու Լեզու»ն։

2019 GOMIDAS HANTES 2

Հուսը բանքը արատասանեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը ըսելով. «Այսօր, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ` Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած յիշատակութիւն: Վարժարանի հին եւ նոր աշակերտները , Կոմիտաս Վարդապետի երգերով վերացուցին մեր հոգիները: Այս գիշեր, Մեծ Վարդապետի դաշնակի ձայնը, յիշեցուց Իր մեծ վաստակը: Իսկ, աշակերտներուն միացան նաեւ Հայաստանէ ժամանած հարազատներ:

 

Կը շնորհաւորեմ Տնօրէնուհի Տկն. Սիլվա Մարկոսեանը, երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Յակոբ Մամիկոնեանը, մասնակից երաժիշտները, ինչպէս նաեւ Երեւանի Մխիթար Սեբաստացի Վարժարանէ հիւրերը. Ձեր վարձքը կատար»:

 2019 GOMIDAS HANTES

Երաժշտական հանդիսութեան աւարտին, բացումը կատարուեցաւ նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի ձօնուած նկարչական ցուցահանդէսին։ Այնուհետեւ ներկաներ, վայելեցին համայնքային վարժարաններու աշակերտներու նկարչական աշխատութիւնները։