ԿՈՉ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն բլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ յառաջացած են։ Աշխարհի երկիրներու կարգին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւս յայտնած է ցաւակցութիւն եւ պետական տնօրինութեամբ անմիջական օժանդակութիւն առաքուած է Լիբանան։

 

Լիբանանահայ գաղութի անդամները եւս կրած են նիւթական եւ բարոյական վնասներ։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, առաջին իսկ մէկ օրէն ցաւակցած է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ հետաքրքրուած՝ գաղութի ընդհանուր վիճակով։

 

Մեր ժողովուրդին համար քաղցր պարտականութիւն է օժանդակել մեր եղբայրներուն ու մաս կազմել՝ համաշխարհային չափանիշով կատարուած մարդասիրական օժանդակութեան, յատկապէս Ս. Աստուածածնայ տաղաւարին պատրաստութեան այս շրջանին։ Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւորականաց Դասը օժանդակութեան սոյն արշաւը կը բանայ առաջին առթիւ յատկացնելով 7.000,00 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՕԼԱՐ։

 

Այսու կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնեն սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար եւ հանգանակութիւններէ ձեռք բերելի գումարները կեդրոնացնել Պատրիարքական Աթոռոյս հետեւեալ հաշիւներուն՝ “LUBNANA DESTEK” բացատրութիւնը աւելցնելով։ Հանգանակութեան աւարտին, Պատրիարքարանի Դիւանի միջոցաւ տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի մեր համայնքին։

 

Գիտենք, թէ կարիքը մեծ է, սակայն եւ այնպէս մեր օժանդակութիւնը կը դառնայ պտղունց մը աղ, նման՝ այրի կնոջ լումային (Մարկոս 12.41-44)։ Վստահ ենք, թէ Աստուած պիտի օրհնէ բարեսիրական եւ մարդասիրական այս կոչին ընդառաջողները եւ վարձահատոյց պիտի ըլլայ բոլորին։

 

Տէր Աստուած օգնական ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին եւ Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն, որպէսզի այս դժուարին պահերուն իրենց յոյսը դնելով Աստուծոյ եւ մարդասէր անհատներու ցուցաբերած սիրոյն ու խանդաղատանքին, ստանան մխիթարութիւն։ Թող Տէրը բարերարները հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձութենէ եւ աղէտներէ։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

 

 

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
TL HESABI IBAN
TR81 0006 4000 0011 0320 6373 86

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
USD HESABI IBAN
TR22 0006 4000 0021 0323 3693 81

TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ
EUR HESABI IBAN
TR97 0006 4000 0021 0323 3848 12

USD ve EUR hesapları için :
Türkiye İş Bankası, Kurtuluş Şb.
SWIFT CODE : ISBKTRISXXX