Կրէտէի Գերեզմանատուն

Իրաքլիոն,  Կրէտէ

Եւրոպայի ամենէն հին հայկական եկեղեցին է Կրէտէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին, որուն բակը զետեղուած են մօտ 30 մարմարեայ դամբարանաքարեր, որոնք կը պատկանին 17րդ դարուն Կրէտէ գաղթած հայ ընտանիքներու։ Իսկ քաղաքի պարիսպէն դուրս կայ նաեւ Կրէտէի հայոց գերեզմանատունը, մօտաւորապէս 4000 քռ. մեթր տարածութեամբ։