ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoՊատկ. Կրօնական Ժողովը երէկ ժամը 10.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի Սրահին մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի։

Եկեղեցական արարողութեանց կանոնաւորման հետ առընչուած ընթացիկ հարցերու առընթեր, որոշուեցաւ Դպրաց Դաս Երգչախումբերու ներկայացուցած ընդհանուր ժողովներու տեղեկագիրներու քննարկումը ժողովի դիւանի անդամներու կողմէ։
Ժողովը նկատի ունեցաւ նաեւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի կազմէն ներս ատենապետ Մուրատ Սիւմէի անձին հետ կապուած հարցը։ Նկատելով որ Հարցը, վարչական բնոյթ կրելով հանդերձ, առընչուած էր եկեղեցւոյ հետ, տեղին գտնուեցաւ յանձնախումբ մը կազմելու առաջարկը։ Յանձնախումբը կազմելու պաշտօնը յանձնուեցաւ ժողովի ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան Հօր։

Նաեւ որոշուեցաւ Եկեղեցական Համագումար Ժողով գումարել, Կրօնական Ժողովի պակաս մնացած անդամներու մասին խորհրդակցելու համար։