ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 15 Ապրիլ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 12.30-ին օդային ճամբով  կը մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Յանձնախումբի ժողովին մասնակցելու համար։

Ս. Էջմիածինի մէջ կատարուած նախորդ ժողովներուն սոյն յանձնախումբը սկսած էր քննարկել Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Մկրտութեան խորհուրդի հետ առնչուող հարցեր։ Ծիսական յանձնախումբի ներկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 16-18 Ապրիլ 2013 օրերու միջեւ ու պիտի շարունակուի քննարկուիլ սոյն նիւթը։

Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ, պիտի վերադառնայ Ուրբաթ ուշ երեկոյեան։