ՇԻՇԼԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Շիշլի Մարմնամարզական Միութեան Վարչայիններ՝ Հայկարամ Գարասու, Ալէն Թէքպըչաք եւ Զարեհ Գարագաշ 1 Օգոստոս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ Միութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

 

 

2019 HAMAHAYGAGAN

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։