ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ «ՊՈԼԻՍ» ԽՈՒՄԲԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

12141103_501085350051353_1680881145045596224_oՀամահայկական Խաղերու մասնակից «Պոլիս» Խումբի կազմակերպիչներէն՝ Ատենապետ՝ Հայկարամ Քարասու, Կարօ Համամճեան եւ Շահնուր Քազանճը, 14 Հոկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ խաղերու ընթացքին խումբի գործունէութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Այս տարի, «Պոլիս» խումբէն զատ ուրիշ խումբեր եւս Համահայկական Խաղերու մասնակցած էին, որոնք կազմուած էին Պոլսեցի այլ մարզիկներէ։ Առաջին անգամ էր որ, խումբը առանց մետալ ստանալու կը վերադառնար քաղաքս։ Անոնք, ներկայացուցին խումբին ելեւմուտքի հաշուեցուցակը։

Արամ Արքեպս., իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Հաւաստիք յայտնեց թէ, իր կարգին միշտ պատրաստ պիտի ըլլար խումբին նեցուկ կանգնելու։ Սրբազան Հայրը, յաջողութիւն մաղթեց մարզիկներուն եւ կազմակերպիչներուն։